ՓԱՐԻԶԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

2022 թուականի տարեմուտի դրութեամբ Ֆրանսա ստանձնած է Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրը դառնալուն զուգահեռ՝ յառաջիկայ վեցամսեայ ժամանակաշրջանին Ֆրանսա կը նախատեսէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ հանդէս գալ համապատասխան նախաձեռնութիւններով՝ ֆրանսական նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն տեսանկիւնէ։ Նոյն առթիւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ գործել ի նպաստ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման։

«Ֆրանսայի դեսպանն ու դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմը հայ ժողովուրդին կը յղեն խաղաղութեան, երջանկութեան, բարգաւաճման իրենց բարեմաղթութիւնները 2022 թուականին համար։ Ֆրանսա, որ վերջերս ստանձնած է Եւրոմիութեան նախագահութիւնը, պիտի շարունակէ գործել ի նպաստ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման», նշուած է դեսպանութեան պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած գրառման մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022