ՄԱՐԻԱՆԱ ՈՍԿԱՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

Քա­րիւ­ղի ճար­տա­րա­պետ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը վեր­ջերս իր «Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, ա­պա­հո­վու­թեան, կեն­սո­լոր­տի պահ­պան­ման եւ ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան» մրցա­նա­կը շնոր­հած է Տքթ. Մա­րիա­նա Ոս­կա­նեա­նին։

Ըստ ԱՄՆ-ի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թին՝ Տքթ. Ոս­կա­նեան ներ­կա­յիս Գա­լի­ֆոր­նիոյ Նա­հան­գա­յին հո­ղա­տա­րածք­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի բա­ժան­մունք­նե­րէն մէ­կուն պետն է եւ եր­կար տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի Գա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ ու­ժա­նիւ­թի ա­պա­հով ու պա­տաս­խա­նա­տու ար­տադ­րու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ջան­քե­րուն մէ­ջ։

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017