ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԺԱՄԱՑՈՅՑՆԵՐ

Յայտնի ոսկերիչ ու ադամանդագործ Սեւան Պըչաքճը այս շրջանին իր նոր հաւաքածոն կը ծանօթացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ի տարբերութիւն ցայսօր կատարած աշխատանքէն, Սեւան Պըչաքճը այս անգամ պատրաստած է ադամանդազարդ ժամացոյցներու հաւաքածոյ մը։ Իրեն յատուկ ոճով տարիներէ ի վեր կ՚արտադրէ Սեւան Պըչաքճը եւ իր արտադրածները, ստեղծագործութիւնները միջազգային գետնի վրայ կ՚ընկալուին որպէս Իսթանպուլի խորհրդանշաններ։ Ներկայ ժամացոյցներու հաւաքածոն ալ ունի նման բնոյթ մը։ Քանի մը տասնեակ ժամացոյցներէ բաղկացեալ այս հաւաքածոն ներկայացուած է Մայամիի մէջ։ Տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ Սեւան Պըչաքճըի այս նոր հաւաքածոյին։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը երէկ գրեց, որ Սեւան Պըչաքճը Թուրքիոյ մէջ վայելածէն շատ աւելի մեծ համբաւ մը ունի ԱՄՆ-ի, մանաւանդ Մայամիի մէջ։ Իր գործերը կը համարուին գեղարուեստական գլուխ գործոցներ։ Մեկնաբանները Սեւան Պըչաքճըի կողմէ արտադրուած ժամացոյցները որակած են կախարդական։

Միւս կողմէ, The New York Times ամերիկեան հեղինակաւոր թերթն ալ մասնաւոր յօդուածով մը դրուատիքը հիւսած է Սեւան Պըչաքճըի։

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2019