ԻՆՔՆԱԴՐՍԵՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, շաբաթավերջին, Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Այսպէսով, Թուրքիոյ տանտիրութեամբ, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը հանդիսացաւ հերթական հարթակը, որու վրայ հայկական կողմը բարձրաձայնեց՝ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ իր տեսլականը։

Արարատ Միրզոյեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին աւարտեց իր շփումները Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս եւ վերադարձաւ Երեւան։ Նախարար Միրզոյեան ֆորումի ընթացքին մասնակցեցաւ՝ «Միջազգային առեւտուր, փոխկապակցուածութիւն եւ փոխադարձ կապեր» խորագրով կազմակերպուած ասուլիսին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Միրզոյեան այս փուլին ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը։ Ասուլիսը վարեց Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ։ Քննարկման սեղանին շուրջ համախմբուած էին այլ հեղինակաւոր դէմքեր։

Այս ասուլիսին մասնակցելու առընթեր, Անթալիա այցելութեան եզրափակիչ փուլին Արարատ Միրզոյեան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Ան մէկտեղուեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի, Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանիի եւ Մոզամպիքի արտաքին գործոց նախարար Վերոնիքա Մաքամոյի հետ։

Անթալիա այցելած հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ան «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Երեւան պատրաստ է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման։ Ռուբէն Ռուբինեան Անթալիայի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։ Մինչ այս բոլորը հայկական լրահոսին մէջ անմիջական ուշադրութեան արժանացած է, քաղաքական մեկնաբանները առանձնապէս կանգ կ՚առնեն նաեւ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գծով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչի կողմէ Անթալիայի մէջ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկը։ Արդարեւ, Քըլըչ հրապարակաւ Ռուբինեանին առաջարկած էր այցելել Երեւան եւ քննարկել գործընթացին հաւանական շարունակութիւնը։ Վերլուծաբանները համոզուած են, թէ սա ֆորումի օրերու հիմնական շօշափելի իրադարձութիւնն էր։ Մինչ այդ, Անթալիա այցելած հայկական պատուիրակութեան կազմէն՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ յայտնեց, որ Հայաստան խաղաղութեան պատրաստ է, եթէ Ատրպէյճան քաղաքական կամք դրսեւորէ։

Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի երկկողմանի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անոնք ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկած են Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Սերկէյ Լաւրով Անթալիայէն բաժնուելէ առաջ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կը սպասէ Երեւանի դիրքորոշման յստակեցման՝ համատեղ համարկման կառոյցներու մասնակցութեան վերաբերեալ։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի յայտարարութիւններու հիման վրայ։ Լաւրովի յայտարարութիւններուն վրայ անդրադարձան նաեւ Երեւան-Մոսկուա առանցքի վերջին շրջանի տարաձայնութիւնները, որոնք կը բարձրաձայնուին նաեւ պաշտօնական յայտարարութիւններու մէջ։ «Երեւանի յայտարարութիւնները կը ստիպեն, որ Մոսկուա հետեւութիւններ ընէ սեփական քայլերը ծրագրաւորելու ժամանակ», յայտնեց ռուս նախարարը Անթալիայի մէջ։

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան Հայաստանի տեսակէտէ անյաջող հետեւանքներուն պատճառով, վերջին ամիսներուն Երեւանէն կշտամբանքներ կը հնչեն Մոսկուայի հասցէին։ Հայաստանի ղեկավարութեան շրթներէն ամէն օր հնչած յայտարարութիւնները մեզ կը ստիպեն մտածել, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը կատարուի եւ սա ինչպէ՛ս պէտք է հաշուի առնել մեր գործնական քայլերուն մէջ», նշեց Սերկէյ Լաւրով։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 4, 2024