«ՀԵՆՐԻԽ, ՍԷՐԸ ՈՒՂՂՈՐԴՈՂ Է»

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան մակագրուած գիրք մը ստացաւ հարաւայինամերիկացի մեծանուն գրող Փաոլօ Քոէլլոյի մակագրութեամբ։ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան վերջերս Դիմատետրի վրայ կատարած էր գրառում մը, որով տեղեկացուցած էր, որ իրեն համար սիրելի գիրքերէն մին է Փաոլօ Քոէլլոյի «Այքիմիկոս»ը։

Հենրիխ Մխիթարեան այդ գիրքը ստացած է հեղինակի մակագրութեամբ։ Աշխարհահռչակ գրող Փաոլօ Քոէլլօ մակագրութեան մէջ նշած է հետեւեալը. «Հենրիխ, սէրը ուղղորդող է»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018