ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԷ ՎԵՐՋ ԳԻՐՔ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը 2015 թուականին կազմակերպած էր քառօրեայ գիտաժողով մը, որու նիւթն էր Սուրիոյ հայերը։ Կը տեղեկանանք, որ այս գիտաժողովի նիւթերը վերջերս ամփոփուած են առանձին հատորի մը մէջ։ Նոր լոյս տեսած գիրքը կ՚ընդգրկէ 41 ուսումնասիրական յօդուած։ Գիրքի բովանդակած յօդուածներէն 31-ը կը հանդիսանայ գիտաժողովի ընթացքին կատարուած զեկուցումներու վերամշակեալ տարբերակը։ Մնացեալ 10 ուսումնասիրութիւնները նոր աշխատութիւններ են եւ կու գան առաւել ամբողջական տարողութիւն մը ապահովել այս յատկանշական հատորին։ Գիրքը կ՚ընդգրկէ նաեւ գիտաժողովի օրերուն տեղի ունեցած կլոր սեղանի ձեւաչափով զրոյցի մը ամբողջական բովանդակութիւնը։ Այդ զրոյցը վարած էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան։ Զրոյցի ատենախօսներն էին սուրիահայութեան հոգեւոր առաջնորդները։

Գիրքը ունի նաեւ յաւելուածներու բաժին մը, կ՚ընդգրկէ հեղինակներու համառօտ կենսագրութիւնը, համառօտ մատենագրութիւն մը, նաեւ կը պարունակէ հպանցիկ ակնարկ մը Սուրիոյ հայութեան անցեալին։

Հատորի խմբագիրն է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան։

2015 թուականին կազմակերպուած այս գիտաժողովը ստեղծած էր լայն արձագանգ, քանի որ կ՚առանձնանար մասնակիցներու հեղինակութեամբ եւ ընդհանուր մտահորիզոնով։ Այժմ այս հատորի հրատարակութիւնը կարեւոր ձեռքբերում մըն է այդ ամբողջ մտաւոր ճոխութիւնը մշտական արժէքի մը վերածելու տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018