ԹՐԱՄՓ ԿՐԿՆԵՑ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկնեց, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ Սուրիայէն։ Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ ծրագրի մը վրայ։ «Մօտաւոր ապագային այլեւս որոշում մը պիտի տանք, թէ ինչ պիտի ընենք։ Ես կը փափաքիմ Սուրիոյ մեր զինուորները ետ կանչել ու մեր երկիրը վերակառուցել։ Վերջին 17 տարուան ընթացքին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծախսեցինք 7 թրիլիոն տոլար։ Ասոր փոխարէն ոչինչ շահեցանք։ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ թէեւ շատ յաջող եղանք, սակայն այլեւս ժամանակը եկած է։ Տունդարձի ժամանակն է եւ մենք շատ լրջօրէն կը մտածենք այս մասին», ըսաւ Թրամփ։ Բաց աստի, ամերիկացի ղեկավարը շեշտեց, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ շատ մեծ յաջողութիւն մը արձանագրուած է եւ գրեթէ ամբողջութեամբ ետ առնուած են այն տարածքները, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութեան ձեռքը անցած էին։

Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թրամփ յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի Սուրիոյ մէջ գոյութեան հիմնական պատճառն էր ձերբազատուիլ ԻՇԻՊ-էն։ Այս գործը գրեթէ վերջացած է։ Այժմ Ուաշինկթըն կարճ ժամանակի ընթացքին որոշում մը պիտի տայ՝ տարածքաշրջանի երկիրներուն հետ համակարգման մէջ մնալով։

Թրամփ մատնանշեց, որ Սէուտական Արաբիան մօտէն կը հետեւի այս հարցին շուրջ ԱՄՆ-ի առնելիք որոշումին։ «Սուրիոյ մէջ մեր գոյութիւնը բազմածախս գործընթաց մըն է։ Ես ալ ըսի, որ եթէ մեր Սուրիոյ մէջ մնալը կը փափաքիք՝ ապա Սէուտական Արաբիան պէտք է վճարէ փոխարժէքը», ըսաւ Թրամփ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018