ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ հետզհետէ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը, որ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 7-12 Հոկտեմբեր թուականներուն։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանի Երեւան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուեցան համապատասխան բոլոր մանրամասնութիւնները։ Գագաթաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած են Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը եւ մշտական խորհուրդի նիստը։ Բաց աստի, ծրագրին վրայ են նաեւ շարք մը յարակից ձեռնարկներ։ Նախապատրաստական աշխատանքներու ամբողջին մէջ սկսած է նաեւ գագաթաժողովի եզրափակիչ փուլին ընդունուելիք փաստաթուղթերու մշակումը։ Պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան այս բոլորին շուրջ մանրամասն քննարկումներ ծաւալեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան եւ Լըմուան նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Նալպանտեան նշեց, որ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները կ՚ընթանան ամբողջ թափով եւ ըստ հաստատուած ժամանակացոյցի՝ Հայաստանի պետական բոլոր շահագրգիռ կառոյցներու եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան քարտուղարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ շարք մը խնդիրներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018