ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

Թուրքիոյ օրակարգին վրայ երէկ առաջնահերթ տեղ զբաղեցուց հիմնարկէքի պատմական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Աքքույուի մէջ կառուցուելիք հիւլէակայանի հիմքերուն առաջին շաղախը լեցուեցաւ՝ բարձր մակարդակով կազմակերպուած հանդիսութիւնով մը։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համագործակցութեամբ պիտի կառուցուի այս հիւլէակայանը, որ պիտի գործարկուի 2023 թուականին։ Այսպէսով Թուրքիա ուժանիւթի բնագաւառէն ներս մեծ ու երկարաժամկէտ ոստում մը կ՚ընէ՝ ձեռնարկելով իր առաջին աթոմակայանի կառուցման։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս պատմական հիմնարկէքը։ Էրտողան եւ Փութին մայրաքաղաք Անգարայէն հեռակայ դրութեամբ, հեռարձակեալ տեսալսողական կապով միացան Աքքույու, ուր թուրք եւ ռուս պատասխանատուներ միասնաբար առաջին շաղախը լեցուցին հիմքերուն մէջ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս այս առթիւ երկու նախագահները հանդէս եկան ելոյթներով։ Արտայայտուեցան նաեւ թուրք եւ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք ներգրաւուած են այս ռազմավարական նշանակութեամբ ծրագրին։ Էրտողան եւ Փութին ժամադրուեցան 2023-ին միասնաբար մասնակցելու համար Աքքույուի մէջ բացման արարողութեան։ Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի կարիքին  10 տոկոսը պիտի դիմագրաւուի այս հիւլէակայանին կողմէ։

Միւս կողմէ, երէկ Անգարայի մէջ բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Էրտողան եւ Փութին նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, աւելի վերջ գլխաւորեցին Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։ Աւելի վերջ երկու նախագահները հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Այս առթիւ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարուեցան Ռուսաստանէն Թուրքիոյ կողմէ ներածուելիք C-400 հրթիռներուն շուրջ։ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա ընդունած է սեփական որոշումը՝ ապահովելու համար այս հրթիռները։ «Մեր համաձայնութիւնը ըրինք, մենք այս տետրակը փակած ենք, այս գործը վերջացած է։ Ներկայիս արտադրութիւնը կը շարունակուի», ըսաւ ան։ 

Իր կարգին, Փութինն ալ շեշտեց, որ Թուրքիա պահանջած է՝ հրթիռներու յանձնման արագացուիլը։ Ռուսական կողմը դրականօրէն արձանգանգած է այս պահանջին եւ Փութինի խօսքով՝ արտադրութիւնը պիտի արագացուի։

ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹ

Միւս կողմէ, այսօր Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներուն եռակողմանի գագաթաժողովը, որ երկրորդն է իր տեսակին մէջ։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Անգարա։ Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի այսօր կը մէկտեղուին՝ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները քննարկելու համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018