ԱՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ 4-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԱԾ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգէն ներս, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, Կլենտէյլի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Արա Նաճարեան, որ չորրորդ անգամ կը կոչուի այս պաշտօնին։ Նախընթաց օր երեկոյեան, Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդը ընտրեց Արա Նաճարեանը, որ քաղաքապետի պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Զարեհ Սինանեանին։

Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Արա Նաճարեան այս առթիւ ըսաւ. «Իսկապէս հպարտ եմ, որ առիթը ունիմ ստանձնելու քաղաքապետի պաշտօնը։ Սերտօրէն պիտի համագործակցիմ Քաղաքապետական խորհուրդի իմ պաշտօնակիցներու հետ, որպէսզի կարենանք Կլենտէյլը պահել իւրայատուկ վայր մը»։

Արա Նաճարեան առաջին անգամ Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուած էր 2005 թուականին։ Անցեալի մէջ ան գլխաւորած է նոյն քաղաքի բնակարանային հարցերու վարչութիւնը եւ զարգացման հարցերու բաժանմունքը։ Նաճարեան միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցի Լոս Անճելըսի մեթրոյի ղեկավարութեան եւ միջոց մըն ալ գլխաւորած է այդ մէկը։ Եղած է նաեւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ շրջանային երկաթուղիի վարչութեան ղեկավարներէն մին։ Բաց աստի, ան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Քաղաքապետութեանց խորհուրդին կ՚անդամակցի ու միջոց մը գլխաւորած է այդ խորհուրդը։

Արա Նաճարեան մասնագիտութեամբ իրաւաբան է ու տնտեսագէտ։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019