ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Դէպի Ատիս Ապապա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ ընդունուեցաւ Եթովպիոյ նախագահ Սահլէ-Որկ Զեւտէի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Եթովպիա յառաջիկայ շրջանին մաս պիտի կազմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Սահլէ-Որկ Զեւտէ երէկ կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի խորացման եւ հարստացման հեռանկարներուն շուրջ։ Մնացականեան ընդգծեց, որ Ափրիկէի երկիրներու, ներառեալ Եթովպիոյ հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը Երեւանի արտաքին քաղաքական կարեւոր առաջնահերթութիւններու շարքին է։ Հայկական կողմը պատրաստակամ է գործնական քայլերու ձեռնարկել առկայ ներուժի առաւել արդիւնաւէտ օգտագործման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք շեշտուեցաւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը։  Զրուցակիցները առանձնայատուկ ընդգծեցին Եթովպիոյ փոքրաթիւ, սակայն աշխոյժ հայ համայնքի դերը երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքէն ներս՝ որպէս ամուր կամուրջ եւ միացնող օղակ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ։

Սահլէ-Որկ Զեւտէի խնդրանքին ընդառաջ՝ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն շուրջ։

Ատիս Ապապայի մէջ Զօհրապ Մնացականեան տեսակցեցաւ նաեւ Եթովպիոյ Արտաքին գործոց պետական նախարար Մարկոս Թեքլէ Ռիքէի, Նորարարութեան եւ փորձագիտութիւններու նախարար Կեթահուն Մեկուրիայի, Խորհրդարանի նախագահ Տակեսսէ Չաֆոյի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019