ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Նախագահական համերգաշար»ը սկսաւ մեծանուն դաշնակահարուհի Սվետլանա Նաւասարդեանի փառաշուք համերգով։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ ներկայիս կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որու նպատակն է նախագահական ապարանքը հանրութեան աւելի մօտ ու հասանելի դարձնել։ Այս ամբողջին մէջ կը ծրագրուին մշակութային զանազան ձեռնարկներ ապարանքի դահլիճներէն ներս։ Երէկուան համերգը այս ամբողջին սկիզբը բնորոշեց եւ մեծանուն դաշնակահարուհի, միջազգային բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցոյթներու դափնեկիր Սվետլանա Նաւասարդեան իսկապէս կախարդեց բոլոր ունկնդիրները։ Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլին առընթեր երեկոյթին ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պետական, հասարակական, գիտական ու մշակութային գործիչներ, օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր։ Այս համերգը ձօնուած էր բոլոր մայրերուն, քոյրերուն ու դուստրերուն։

Ձեռնարկի աւարտին Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը ջերմօրէն շնորհաւորեց Սվետլանա Նաւասարդեանը, մինչ Նիկոլ Փաշինեանն ալ բեմին վրայ ծաղկեփունջ մը յանձնեց արուեստագիտուհիին։ «Թոյլ տուէք ձեր բոլորի անունով մեր խորին շնորհակալութիւնն ու սէրը յայտնել Սվետլանա Նաւասարդեանին՝ իր մեծ արուեստի եւ երկար տարիներու անխոնջ աշխատանքի, նուիրումի եւ համաշխարհային ու համահայկական մշակոյթի մէջ հսկայական ներդրման համար», ըսաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան։

Համերգի աւարտին Արմէն եւ Նունէ Սարգսեաններու տանտիրութեամբ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Երեկոյթի կազմակերպման աջակցած էր «Կոնվերս» դրամատունը։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019