ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԽՍՏԱՑՈՒԻՆ

Թուրքիա կը շարունակէ յամառ պայքար մղել քորոնաժահրի համաճարակին դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով ու տեղեկացուց, որ համաճարակի դէմ ձեռք առնուած միջոցները խստացուած են։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս ծիրին մէջ քսան տարեկանէ վար քաղաքացիներուն համար փողոց դուրս գալու արգելք սահմանուեցաւ։ Երեսուն մեծ քաղաքներու եւ Զոնկուլտաքի պարագային ճամբորդութեան աւելի խիստ սահմանափակումներ հաստատուեցան։ Մինչ այդ, հաւաքական միջավայրերու մէջ դիմակ կրելն ալ դարձաւ պարտադիր։ Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ երկիրը կը շարունակէ վճռակամութեամբ պայքար մղել համաճարակի դէմ։ Անոնք, որոնք պիտի չհնազանդին այս միջոցներուն, պիտի ենթարկուին օրէնքով սահմանուած հետեւանքներուն։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ «Մենք մեզի կը բաւենք» կարգախօսով սկսած հանգանակութեան արդիւնքներուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ երեկոյեան ժամերուն ներկայացուց համաճարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։ Դժբախտաբար, երէկ համաճարակը 69 նոր հիւանդի կեանքը խլեց։ Այսպէսով, Թուրքիոյ մէջ զոհերու ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 425-ի։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ խորհըր-դակցութիւն մը ունեցաւ համաճարակի միջավայրին մէջ գործի լծուած Գիտական խորհուրդի անդամներուն հետ եւ աւելի վերջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան նշեց, որ 56 քաղաքներու մէջ քորոնաժահրի հետեւանքով մահեր եղած են։ Ցարդ 484 հիւանդ ալ բուժուած է։ Նախարարը յայտնեց, որ Թուրքիա իր բոլոր տուեալները կը բաժնէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ։ Ֆահրետտին Քոճա միշտ կրկնեց, որ մեկուսացումը անհրաժեշտ նախապայմանն է համաճարակի դէմ պայքարը յաջողութեամբ պսակելու համար։ Քոճա դիտել տուաւ նաեւ, որ երիտասարդ բնակչութեան շարժերը համաճարակի դէմ պայքարի տեսակէտէ Թուրքիոյ ամենախոցելի կէտերէն մին կը հանդիսանայ։ Համաճարակը ամենալայն տարածումը գտած է Իսթանպուլի մէջ, ուր զոհերու թիւը հասած է 210-ի։ Նախարարը ցաւ յայտնեց, որ փողոցներու շարժումն ալ դժբախտաբար չէ նուազած անհրաժեշտ մակարդակով։ Ֆահրետտին Քոճայի կողմէ փոխանցուած ամենազգայացունց տուեալը այն էր, որ ներկայ պահու դրութեամբ Իսթանպուլի մէջ հիւանդ մը կը վարակէ եւս տասնվեց հոգի։ Այս իրավիճակը համաճարակի ծաւալումը կը հրահրէ եւ պետութիւնը կը ծրագրէ համապատասխան միջոցներ։

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2020