ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը վեցերորդ անգամ փութաց քուէատուփի մօտ՝ ընտրելու համար երկրի խորհրդարանին կազմը։ 1991 թուականի Դեկտեմբերի 28-ին կատարուած էր առաջին ընտրութիւնը, իսկ վերջինը՝ 23 Մայիս 2010-ին։ Երէկուան վեցերորդ խորհրդարանական ընտրութեան մասնակցեցաւ ընտրողներուն աւելի քան 61 տոկոսը։ Միջազգային հանրութիւնը թէեւ տեղեկացուցած էր, որ ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի համարուի անվաւեր, սակայն յամենայնդէպս միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու եւ շարք մը երկիրներու կողմէ դիտորդական առաքելութիւններ հետեւեցան քուէարկութեան ընթացքին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընտրութեան առաջին անպաշտօն արդիւնքները կը վկայեն, թէ յաղթանակ տարած է «Ազատ հայրենիք» կուսակցութիւնը։