ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ կը քննարկուի առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին շրջանակային համաձայնագիր մը, որ մշակուած է երկու երկիրներու միջեւ ներդրումային եւ գործարար նախաձեռնութիւններու աշխուժացման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով։ Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն հաւանութիւն տուած է այս համաձայնագրի նախագծին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտնեց, թէ սոյն համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւնները տեւած են շատ երկար։
Այս համաձայնագիրը ԱՄՆ-ի կողմէ այլ երկիրներու հետ կնքուած տիպային փաստաթուղթ մըն է, որով կը նախատեսուի ստեղծել Հայաստան-ԱՄՆ առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդ մը։ Երկու երկիրներու կողմէ այս խորհուրդը պիտի գլխաւորեն արդէն յայտնի պաշտօնատարներ։ Հայկական կողմէն այդ պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը, իսկ ամերիկեան կողմէն՝ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի ներկայացուցիչի գրասենեակը։ Համատեղ խորհուրդի նպատակներն են՝ երկու կողմերու առեւտրային եւ ներդրումային հնարաւորութիւններու ընդլայնումը եւ հաւանական խոչընդոտներու բացայայտումը շարք մը ոլորտներէ ներս. ինչպէս՝ մտաւոր սեփականութիւն, գործարար միջավայր, աշխատողներու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ հարցեր, որոնք ներառնուած չեն երկու երկիրներու միջեւ կնքուած ներդրումային համաձայնագրին մէջ։
Ըստ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան եզրակացութեան՝ համաձայնագիրը համահունչ է երկրին կողմէ որդեգրուած արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն եւ նպատակներուն։ Այս համաձայնագրի ստորագրումը լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկու երկիրներու միջեւ ներդրումներու եւ առեւտրատնտեսական զարգացման համար անհրաժեշտ իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորման առումով։ Հետեւաբար, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը նպատակայարմար դասած է ներկայացուած համաձայնագրին ստորագրումը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։