ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա։ Ան շփումներ ունեցաւ Տիւսելտորֆ եւ Տորտմունտ քաղաքներուն մէջ, ուր մէկտեղուեցաւ թրքական հաւաքականութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Վարչապետը մասնակցեցաւ նաեւ Տիւսելտորֆի թրքական նոր հիւպատոսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը «Հապէրլէր» կայքէջի հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, թէ Ահմէտ Տավուտօղլու Գերմանիոյ մէջ խօսած է նաեւ հայկական հարցին շուրջ, գերմանական կողմի դիրքորոշման անդրադառնալով հանդերձ։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Գերմանիոյ խորհրդարանը մեղադրած է հայկական հարցին միջամտելով։ Ահմէտ Տավուտօղլու յիշեցուցած է այս հարցին շուրջ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը ու կրկնած է, թէ թուրքերն ու հայերը նոյն տարածքաշրջանէն ներս աւելի քան հազար տարի ապրած են միասին։
Ահմէտ Տավուտօղլու քննադատութիւններ վերագրած է Գերմանիոյ եւ այն երրորդ երկիրներուն, որոնք կը միջամտեն այս հարցին։ Վարչապետը աւելցուցած է նաեւ, թէ իրենք գիտեն, որ որո՛ւ հետ ինչպէ՛ս պէտք է խօսիլ։ Ան յիշեցուցած է նաեւ պետական աւագանիին կողմէ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին այս հարցին շուրջ կատարուած յայտարարութիւնները։ Տավուտօղլուի խօսքերով, թրքական կողմը որեւէ հարց չի քննարկեր երրորդ երկիրներու հետ։