ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ատր­պէյ­ճան-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ շփման գծին եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին եր­կայն­քով բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ այ­ցե­լեց Հել­սին­քի, Ֆին­լան­տիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր, ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը քննար­կեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Իլ­քա Քա­ներ­վա­յի հետ։ Ան ա­պա շփում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Փրա­կի մէջ, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ Չե­խիոյ տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած Վի­շեկ­րա­տեան քա­ռեա­կի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ Ռու­սաս­տա­նէն զէնք մա­տա­կա­րա­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցը ար­դէն սկ­­սած է։ Ըստ ի­րեն, հայ­կա­կան բա­նա­կը կը հա­մալ­րուի գի­շե­րա­յին տե­սա­նե­լիու­թեամբ սար­քա­ւո­րում­նե­րով։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի դէ­պի Ար­ցախ զօ­րակ­ցու­թեան այցն ալ ստեղ­ծեց լայն ար­ձա­գանգ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ Տէր-Պետ­րո­սեան տե­սակ­ցե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցաւ Ար­ցա­խի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը եւ շեշ­տուե­ցաւ հա­մա­խումբ ու միաս­նա­կան ըլ­լա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Տէր-Պետ­րո­սեա­նի հետ էր նաեւ Բաբ­գէն Ա­րարք­ցեան։

Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը գոր­ծեն հաս­տա­տա­կամ ու ինք­նավս­տահ։ Ըստ ի­րեն, ա­նոնք զուսպ ձե­ւով կ­­՚ը­նեն այն ինչ, որ անհ­րա­ժեշտ է առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէ­ջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016