ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ

Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րուան առ­թիւ, ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւն մը, որ հա­մախմ­բեց ո­լոր­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու տան եր­դի­քին տակ այս առ­թիւ յանձ­նուե­ցաւ նաեւ «Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան ժա­մա­նա­կը» տա­րե­կան մրցա­նա­կը։

Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան, Ե­րե­ւա­նի Մամ­լոյ ա­կում­բին եւ Մե­տիա նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հաս­տա­տուած սոյն մրցա­նա­կին այս տա­րուան դափ­նե­կի­րը ե­ղաւ յայտ­նի հրա­պա­րա­կա­գիր ու վեր­լու­ծա­բան Թա­թուլ Յա­կո­բեան։ Պար­գե­ւը ի­րեն յանձ­նուե­ցաւ ձե­ռամբ Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Մամ­լոյ ա­կում­բի փոխ-նա­խա­գահ Ա­ւետ Դե­մու­րեա­նի։

20 Դեկ­տեմ­բեր 1993-ին ՄԱԿ-ի կող­մէ առ­նուած ո­րոշ­ման հի­ման վրայ՝ Մա­յի­սի 3-ը կը նշուի որ­պէս Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­ր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016