ԿԱՊԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Եւ­րո­պա­յի Հան­րա­յին թղթա­տա­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ըն­կեր­կա­ցու­թեան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի թղթա­տա­րա­կան ըն­կե­րու­թեան «Հայ­փոստ»ի հիւ­րըն­կալ­մամբ։ Վե­րո­յի­շեալ եւ­րո­պա­կան կա­ռոյ­ցը կը կո­չուի PostEurope եւ այս վեր­ջի­նը ա­ռա­ջին ան­գամ լիա­գու­մար ժո­ղով մը ի­րա­կա­նա­ցուց տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռօ­րեայ այս ժո­ղով­նե­րուն նպա­տակն էր միա­ւո­րել Եւ­րո­պա­յի ա­ւե­լի քան յի­սու­ներ­կու թղթա­տա­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, գոր­ծա­դիր տնօ­րէն­նե­րով ու բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րով հան­դերձ։ Այս առ­թիւ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան այս բնա­գա­ւա­ռի ա­ռանց­քա­յին հար­ցերն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ նո­րա­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ թուա­յին փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու մի­տում­նե­րուն հա­մա­տես­քին մէջ։ Եւ­րո­պա­յի թղթա­տա­րա­կան բնա­գա­ւա­ռի ո­րո­շում կա­յաց­նող մար­մին­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ այս հա­մա­ժո­ղո­վը վե­րա­ծուե­ցաւ ար­դիւ­նա­ւէտ հար­թա­կի մը՝ փո­խա­նա­կե­լու հա­մար փոր­ձա­ռու­թիւն­ներն ու կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լու հա­մար այս բնա­գա­ւա­ռի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ա­ռանձ­նա­պէս ու­շադ­րու­թիւն կե­դո­նա­ցու­ցին ե­լեկտ­րո­նիկ ա­ռեւ­տու­րի, ե­լեկտ­րո­նիկ կա­ռա­վար­ման ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ու զար­գաց­ման խթան­նե­րուն։

Ե­րե­ւա­նի ժո­ղով­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Հա­մաշ­խար­հա­յին թղթա­տա­րա­կան միու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Պի­շար Հիւ­սէ­յին, նոյն միու­թեան մի­ջազ­գա­յին գրա­սե­նեա­կի փոխ-տնօ­րէ­նը՝ Փաս­քալ Քլի­վաս, PostEurope-ի կա­ռա­վար­ման խոր­հուր­դի ղե­կա­վար Ժան-Փոլ Ֆոր­սե­ւիլ եւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պո­թոնտ Սզե­պէն։

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան ու կա­պի նա­խա­րար Գա­գիկ Բեգ­լա­րեան հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Այս հեր­թա­կան՝ 31-րդ հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու շար­ժա­ռի­թով գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­լու ա­ռըն­թեր, նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցի ներ­կայ դա­րուն թղթա­տա­րա­կան կա­պը՝ որ­պէս հա­սա­րա­կա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մի­ջոց, մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հա­սա­րա­կու­թեան տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին զար­գաց­ման տե­սա­կէ­տէ։ Բեգ­լա­րեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեծ ու­շադ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ այս բնա­գա­ւա­ռի բա­րե­փո­խու­մե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնց նպա­տակն է ա­պա­հո­վել մատ­չե­լի, հա­սա­նե­լի թղթա­տա­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, բնա­գա­ւա­ռէն ներս հաս­տա­տել ար­դի թեք­նիկ մի­ջոց­ներ, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցաւ զար­գաց­նել ե­լեկ­տրո­նիկ ա­ռեւ­տու­րը։ 

«Հայ­փոստ»ի ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Խուան Փապ­լօ Քէ­չէ­ճեան, որ ը­սաւ, թէ իր ըն­կե­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն մեծ պա­տիւ մըն է Կով­կա­սի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ հիւ­րըն­կա­լել PostEurope-ի լիա­գու­մար ժո­ղո­վը։ Ըստ ի­րեն, սա իւ­րա­յա­տուկ հար­թակ մըն է Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ գի­տե­լիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րու զա­րա­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Իր կար­գին Ժան-Փոլ Ֆոր­սե­ւիլն ալ նկա­տեց, որ ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն պատ­մա­կան կը հա­մա­րուի գտնուիլ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ան բարձր գնա­հա­տեց ցարդ «Հայ­փոստ»ի կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած յա­ռա­ջըն­թացն ու զար­գա­ցու­մը։

Լիա­գու­մար նիս­տին ա­ռըն­թեր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ նաեւ գոր­ծա­րար ֆո­րում մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ­ներ եւ ո­լոր­տի գոր­ծիչ­ներ։ Քննար­կուե­ցան այս բնա­գա­ւա­ռի առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ լու­ծում­ներ ա­ռա­ջար­կուե­ցան ա­ւե­լի զար­գա­ցած ու կա­յուն մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ Ե­րե­ւա­նի այս քննար­կում­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին կա­յա­նա­լիք Հա­մաշ­խար­հա­յին թղթա­տա­րա­կան միու­թեան հա­մա­գու­մա­րի սե­մին։

Հա­մա­ժո­ղո­վի օ­րե­րուն Գա­գիկ Բեգ­լա­րեան ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Պի­շար Հիւ­սէ­յի­նի հետ։ Բաց աս­տի, «Հայ­փոստ»ը PostEurope-ի Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ թո­ղար­կեց մաս­նա­ւոր դրոշ­մա­թուղթ մը։ Մի­ջազ­գա­յին հիւ­րե­րը եւ Հա­յաս­տա­նի պատ­կան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հան­դի­սա­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ կնքե­ցին այս նա­մա­կա­նի­շը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016