ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ «ԳԷՈՐԳԵԱՆ» ՊԱՐԻ ԱԿԱԴԵՄԻՈՅ 20-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լոս Ան­ճե­լը­սէն Վար­դան եւ Սի­րա­նոյշ Գէոր­գեան­նե­րը, ո­րոնք տեղ­ւոյն հա­մա­նուն պա­րի ա­կա­դե­միոյ հիմ­նա­դիր­ներն են։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան բարձր գնա­հա­տեց Գէոր­գեան ըն­տա­նի­քին կող­մէ վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, որ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի օ­տար ա­փե­րուն մէջ հա­յա­պահ­պան­ման ա­ռու­մով։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Վար­դան Գէոր­գեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար ու նշեց, որ նման բարձր գնա­հա­տա­կա­նը նոր ուժ կը հա­ղոր­դէ Սփիւռ­քի մէջ ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի ջա­հը վառ պա­հե­լու ա­ռու­մով։

Հարկ է նշել, որ 1995 թուա­կա­նին հիմ­նուած է Գէոր­գեան­նե­րու պա­րի դպրոց-ա­կա­դե­միան եւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ նշուե­ցաւ ա­նոր 20-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը՝ փայ­լուն հան­դի­սու­թիւ­նով մը։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015