ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։ Կը հաղորդուի, որ ռուս ղեկավարը առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր չինացի պաշտօնակցին հետ եւ երկօրեայ պետական այցելութեան ծիրէն ներս պաշտօնական ճաշ մըն ալ սարքեց ի պատիւ իր հիւրին եւ անոր ընկերակից պատուիրակութեան անդամներուն։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2017