ՀՐԱՏԱՊ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Եոհաննէս Հահն այս Հինգշաբթի պիտի այցելէ Թուրքիա։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, յանձնակատարը պիտի հիւրընկալուի Եւրոմիութեան գծով նախարար Էօմէր Չելիքի կողմէ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այլ ծրագրի մը բերումով պիտի չկարենայ տեսակցիլ Հահնի հետ։

Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները լարուած էին Ապրիլի 16-ի հանրաքուէին նախորդած ժամանակաշրջանին։ Ներկայիս երկու կողմերն ալ մտադիր են այդ յարաբերութիւնները վերստին բնականոն հունի մէջ դնելու եւ անոնց թափ տալու։ Այս առումով Եոհաննէս Հահնի մօտալուտ այցելութիւնը կը ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն։

Թէեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգը բաւական բազմակողմանի է, սակայն Եոհաննէս Հահնի այցելութեան ընթացքին առաջնահերթութիւն պիտի ընծայուի սուրիացներու գլխաւորութեամբ գաղթականաց խնդիրներուն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու շենկէնի գօտի ազատ մուտքին։

Առանց վիզայի շենկէնի գօտի մուտքը կախում ունի 72 չափանիշներէ։ Թուրքիա միայն եօթ չափանիշի պարագային չէր կատարած իրեն վիճակած պարտականութիւնները։ Ներկայիս, Անգարայի ղեկավարութիւնը համոզուած է, որ այդ մնացեալ եօթ չափանիշներու պարագային ալ արձանագրուած է կարեւոր զարգացում։ Բաց աստի, սուրիացի գաղթականներուն համար Եւրոմիութիւնը նախատեսած էր Թուրքիոյ համար տրամադրել 3+3 միլիառ եւրօ օժանդակութիւն։ Յանձնակատարի յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին թրքական կողմը օրակարգի վրայ պիտի բերէ, որ օժանդակութեան այդ գումարի 3 միլիառ եւրոյի բաժինը արդէն պէտք է փոխանցուի իրեն։ Դիւանագիտական դէտերը շատ հաւանական կը նկատեն, որ եւրոպական կողմը այդ քայլին երթալու համար հերթական անգամ պահանջէ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը փութով բաւ համարել։ 1997 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ հաստատուած է մաքսային միութիւն։ Այդ դրութեան այժմէականացումն ալ մօտալուտ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի գտնուի։ Հարկ է յիշեցնել, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անցեալ Մայիսի 25-ին այցելած էր Պրիւքսել։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2017