ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնին՝ յուլիսի 4-ի առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու տանտէրներն էին Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի հաւատարմատար Ֆիլիփ Քոսնըթ եւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս։

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ եւ գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ակադեմականներ, դիւանագէտներ, դիւանակալներ, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէ գործիչներ եւ այլ հիւրեր։

Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ընդունելութեան ընթացքին հայր սուրբը յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին շնորհաւորեց Ֆիլիփ Քոսնըթն ու Ճենիֆըր Տէյվիսը՝ բարեմաղթութիւններ յղելով ԱՄՆ-ի ազգային տօնին առթիւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018