ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպեց մեծ ձեռնարկ մը, որ կը կոչուէր «Համակեցութեան փառատօն»։ Հարպիյէի «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու կեդրոնի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս փառատօնը, որ մէկտեղեց Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, իրաւապաշտպաններ, ակադեմականներ եւ ուսանողներ։ Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած ծրագիրը առիթ ստեղծեց քննարկումներու, որոնք հետամուտ էին փորձառութեան փոխանակման։ Քննարկումները նախատեսուած էին զանազան ձեւաչափերու մէջ. ինչպէս՝ աշխատանոցներ, ասուլիսներ եւ այլն։ Չափահասներու, երիտասարդներու եւ մանուկներու ուղղեալ երկխօսութեան, մարդու իրաւանց եւ համակեցութեան առանցքներու շուրջ իրագործուեցաւ նախատեսուած աշխատանքը։

Բաց աստի, համագումարներու կեդրոնի գլխաւոր մուտքին յարած տարածքէն ներս բացօթեայ տաղաւարներ տեղադրուած էին, ինչ որ այցելուներուն հնարաւորութիւն ընձեռեց փառատօնին մասնակից հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մանրամասն ծանօթանալու առումով։ Երկու օրուան ընթացքին նոյնպէս բացօթեայ երաժշտական յայտագիր ալ գործադրուեցաւ՝ զանազան խումբերու կողմէ տրուած համերգներով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022