ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ ՀԻՒՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալեց Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւմտեան ուղղութեան գծով քարտուղար Սանճայ Վերման, որ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Միրզոյեան եւ Վերմա ունեցան առանձնազրոյց մը։ Հնդիկ բարձրաստիճան դիւանագէտը օրուան ընթացքին կը մէկտեղուի նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022