ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ 190-ԱՄԵԱԿ Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ

Վերջերս կարդացինք Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի վերանորոգութեանց մասին տպաւորիչ մի քանի նկարներով հիմնադրութեան 190-ամեակին։ Մեզի պարտք կ՚իյնայ անտես չառնել մեր ազգին ու եկեղեցիին պատիւ բերող հաստատութեանց տարեդարձներն ու մանաւանդ անցեալի ու ներկայի բարերարները, որոնք հոգածու եղան այս վսեմ ու մնայուն հաստատութեան վերելքին իրենց նպաստը բերելով։ Վերջին օրերս հիացումով կարդացինք հիւանդանոցին արտաքին ու ներքին հիմնական վերանորոգութեանց մասին եւ այս յօդուածով յարմար կը տեսնենք ազգապարծան հիւանդանոցին պատմականն ու անմոռաց դերը հակիրճ կերպով ներկայացնելու։

Ի յիշատակ պոլսահայ մեծ բարերարներուն, այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 190-ամեակը, որ անտարակոյս անբաղդատելի կրնայ նկատուիլ սփիւռքահայ պատմութեան մէջ, անցեալին ու ներկային, իր երկարակեցութեամբ եւ անհուն բարիքներով։ Երջանկայիշատակ բարերարնրուն ու Ամենապատիւ Պատրիարքներուն հոգիները թող լոյսերու մէջ հանգչին եւ Ազգային հիւանդանոցի բարերար սոյն հաստատութիւնը շողայ կենարար եւ կենդանարար լոյսերով ի փառս հայ ազգին, որուն անունն ու մականունը արդարօրէն ու բարձրաձայն կը կրէ իր վրայ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

1955 թուականի ամրան, տակաւին նորընծայ հոգեւորական, այցելութեան գացի Իսթանպուլ մեծ մօրեղբօրս՝ Մկրտիչ Դերձակեանի եւ ընտանիքին հիւրընկալութեամբ։ Հինգ տարի ետք կրկին այցելեցի, եւ երկու առիթներով ալ աջը առի ծերունազարդ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքին։ Մեծ մօրեղբայրս առաջնորդեց զիս թէ՛ Պատրիարքարան եւ թէ՛ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւադանոց, որուն յայտնի բարերարներէն մին եղած է նաեւ ինք։ Հիացումի առիթ ընծայած էր ինծի Ազգային հիւանդանոցին ընդարձակ համալիրը, եւ որպէս այցելու իմ տպաւորութիւնները արձանագրած եմ այցելուներու մատեանին մէջ երկիցս՝ 1955-ին եւ 1960-ին։

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԸ

Թուրքիոյ հայութեան արդար հպարտութեան արժանի եղած է միշտ Ետիգուլէի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը իր տիպար անունով եւ ազգանունով, որ հիմնադրուած է 1832 թուին բարերար Գազազ Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի կողմէ։ Այս տարի հիւանդանոցը 190 տարիքը կը բոլորէ՝ ըլլալով արժանի, աշխոյժ եւ օրինակելի գործունէութեամբ ազնուագոյն ծառայութեամբ յայտնի յուշակոթող մը թրքահայ համայնքին եւ զայն հովանաւորող Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան, որոնց շարունակական խնամքին յանձնուած պատկառելի հաստատութիւն մը եղաւ։ Հայրենիքէն դուրս դժուար թէ հայկական համայնք մը կարողացած ըլլայ հասնիլ նման մարդասիրական նախաձեռնութեան։ Ազգային հիւանդանոցին համազօր կը կանգնի այսօր հարաւային Գալիֆորնիոյ «Արարատ» տարեցներու տունն ու հիւանդներու բաժինը, ուր կան այժմէական մասնագիտական բոլոր հոգատարութիւնները երկու թեւերու վրայ սփռուած, տարեցներու եւ հիւանդներու յատուկ։ Այս հաստատութիւնը եւս օժտուած է մատուռով մը, ուր ստէպ Ս. Պատարագ եւ ժամապաշտութիւն կը կատարուի շրջանի հայ եկեղեցական թեմերէն անխտիր։

Տարիներու ընթացքին, ինչպէս նուիրատուութեանց յուշատախտակներէն նկատեցի, բարերարներու շարքը անպակաս եղած է, բազմաթիւ հիւանդներու շարքին, ըլլալով նաեւ բարերար եւ մխիթարական, եւ իսկական աղբիւր անսպառ բարեաց։ Իսթանպուլի եկեղեցասէր հայութիւնը, ի պատիւ իրենց, քրիստոնէական պարտք համարած է նիւթական լայն օժանդակութիւն հասցնել Ազգային հիւանդանոցին, պահել կարենալու համար զայն յաչս պետութեան եւ անոր ակնկալութեանց մինչեւ այսօր։

Ի պատիւ պոլսահայութեան, հարկ է կրկին հաստատել, որ հայկական գլխաւոր հիւանդանոցի մը երկար տարիներու պահպանումը որպէս կենսական հաստատութիւն իր որակաւոր բարձրութեամբ մարդասիրական պարտականութեանց գերազանց երաշխիքը կրնար տալ բոլոր գաղութին իրենց ընձեռած առատաձեռն օժանդակութեան շնորհիւ։

ՀԱՄԱԼԻՐԸ

Իսթանպուլի Ետիգուլէ թաղամասի արեւմտեան կողմը, սկզբնական իր 22 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան մը վրայ լայնատարած կանգնած է Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը, տասնեւհինգ շէնքերով եւ օրհնաբեր մատուռով մը, իր երկու գլխաւոր բաժիններով՝ հիւանդանոցի եւ պատսպարանի։

Հիւանդանոցի բաժինը իր կարգին ունի աւելի քան քսան այլազան հիւանդութեանց քննութեան յատուկ դարմանատուներ, տասն յարկաբաժիններ եւ 300-ի չափ անկողիններով։ Մասնաբաժինները կը կազմեն ներքին եւ արտաքին հիւանդութեանց, ինչպէս նաեւ մանուկներու, կուրծքի եւ թոքերու հիւանդութեանց յատուկ, առաւել մտային եւ հոգեկան հիւանդութեանց, ինչպէս յաճախ կը կարդանք «Սուրբ Փրկիչ» ամսագրի համարներուն մէջ։ Բոլորն ալ մասնագէտ բժիշկներու խնամքին յանձնուած։

ՕԺԱՆԴԱԿ ԲԱԺԻՆՆԵՐ

Հիւանդանոցին յարակից կան նաեւ տասը բժշկական օժանդակ բաժիններ՝ վիրաբուժական գործողութեանց, տարրալուծարաններ, «Ք» ճառագայթի յարկաբաժին, մարմնակրթանքի բաժին եւ դեղարան։ Հիւանդանոցին պատսպարանի բաժինը ունի երեք գլխաւոր մասեր՝ ծերանոց, «Հինդլեան» յարկաբաժին, «Գազանճեան» հանգստարան։ Ծերանոց կ՚ընդունուին անոնք, որոնք թաղային խորհուրդներէն, հիւանդանոցին օժանդակ մարմիններէն եւ կամ աղքատախնամ վարչութիւններէն կը յանձնարարուին, մանրամասնօրէն քննութենէ անցնելէ ետք որպէս պատսպարուելու կարիքը ունեցող ծերեր եւ անօգնականներ, ու հոն կ՚ապրին ցկեանս։    

«Հինդլեան» յարկաբաժինը իրականին մէջ անկելանոց մըն է, ուր կը պատսպարուին հիւանդ եւ անկար ծերեր ու անբուժելի հիւանդներ։ «Գազանճեան» հանգստարանին մէջ կը պատսպարուին վճարովի ծերեր, բարերարներ ու մտաւորականներ, որոնք կա՛մ ծեր եւ կամ հիւանդ ըլլալնուն համար կ՚ընդունուին։

Քառասուն տարիներ առաջ հիմնական նորոգութիւններ եւ յաւելումներ կատարուած էին իւրաքանչիւր բաժնի մէջ։ Աւելի կանուխ, 1965-էն սկսեալ, ապա 1969-1973 տարիներուն կատարուած են շինարարական յաւելումներ, որոնց մէջ կարեւոր բաժին մը վերցուցած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, որուն լայն յատկացումներով հիւանդանոցը օժտուած է բազմատեսակ եւ արդիական գործիքներով, որոնք մեծապէս նպաստած են հիւանդանոցի վերելքին ինչպէս կը կարդանք «Շողակաթ» պարբերաթերթի 1973 թուականի համարին մէջ։

Մօտաւոր անցեալին Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը մէկ տարուան մէջ ընդունած է ընդհանուր թիւով 110 հազար հիւանդներ եւ պատսպարեալներ։ Նոյն ատեն բժիշկներու թիւը անցած է 50-ը, եւ մնացեալ անձնակազմը՝ ատամնաբոյժ, դեղագործ եւ գիտաշխատող՝ դարձեալ 50։ Այս վերջին օրերուն ժամանակն էր վերանորոգութեանց ձեռնարկելու եւ աւելի ներկայանալի դարձնելու ազգապարծան հատատութիւնը ներքնապէս եւ արտաքինով։

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԱՏՈՒՌԸ

Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը օրհնուած է գողտրիկ քարաշէն մատուռով մը՝ փայտաշէն հին մատուռին տեղ, որ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի օրով կառուցուած էր եւ 1906 թուին օծուած։ Համբարձման տօնը մեծահանդէս կը տօնուի ամէն տարի սոյն մատրան մէջ ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Մատուռը ունի իր մնայուն քահանան։ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցը տարիներէ ի վեր կը հրատարակէ «Սուրբ Փրկիչ» ամսագիրը, 1949 թուականի սեպտեմբերէն սկսեալ, որմէ առաջ «Ընդարձակ Օրացոյց»ներ կը հրատարակուէին։ Ամսագրին նպատակը եղած է «Գթութեան տան հետ համայնքի սրտին եւ հոգիի կապը ամրապնդել, իրազեկ դարձնել զայն անցուդարձերուն, բազմատեսակ բժշկագիտական գիտելիքներով»։ Սոյն գրութիւնը պատրաստեցի յիշեալ ամսագրի հերթական թիւերու տուեալներուն վրայ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆՆ ՈՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ

Սոյն երկու մեծ հաստատութեանց գոյակցութիւնը յաչս Օսմանեան եւ ապա Հանրապետական թուրք պետութեանց, մնացած է միշտ ապահով եւ յարգալից, նկատի ունենալով, որ միայն հայեր չեն որ հիւանդանոց ընդունուած են, այլ նաեւ երկրին հպատակները անխտիր։ Հիւանդանոցի բարելաւման ու մշտական գործունէութեան հսկողները եղած են հոգաբարձութեան կազմի, բժշկական դասի եւ պետութեան մօտ վստահելի ու անուանի անձեր, որոնք միշտ հաստատ յարաբերութեան մէջ եղած են թէ՛ պետութեան եւ թէ Պատրիարքարանին հետ։ Ներկայիս հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետն է համայնքի առաջնորդող ազգայիններէն տիար Պետրոս Շիրինօղլու։

Անկասկած, հիւանդանոցը որպէս հայկական ազգային հաստատութիւն Թուրք պետական մականին ներքեւ, երկար տարիներու բարւոք եւ բարձրորակ գործունէութեամբ յաչս պետութեան շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ հիմնարկ մը պէտք է նկատուի, որուն համար եւս ընտրանի եւ պատասխանատու բժիշկներ եւ ազգայիններ, իրենց որակաւոր ու մասնագիտական տուեալներով, եւ պոլսահայութեան շարունակական նիւթական աջակցութեամբ ամէն ապահովութիւն ընծայած են հիւանդանոցին պետութեան հայեացքին ներքեւ։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022