ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Կիւմրիի մէջ գործող «Լենտեքս» ՍՊԸ-ն պիտի օգտուի աւելցուած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը երեք տարիով յետաձգելու արտօնութենէն:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի խօսքով՝ ընկերութիւնը կը նախատեսէ կատարել 1.98 միլիառ դրամի ներդրում՝ բարձրորակ հումք ձեռք բերելու նպատակով: ««Լենտեքս»ը պիտի արտադրէ բարձր որակի հիւսուածեղէն՝ հագուստեղէն կարելու համար։ Իբրեւ արդիւնք՝ պիտի ստեղծուի 60 նոր աշխատատեղի՝ 80 հազար դրամ միջին աշխատավարձով», ըսած է նախարարը՝ նշելով, որ այս պահուն ընկերութիւնը ունի 396 աշխատող:

Ըստ նախարարին՝ «Լենտեքս»ը ընթացիկ տարուան յունուար-յունիս ամիսներուն ընթացքին ունեցած է 960 միլիոն դրամի արտադրանք, որմէ արտահանումը կազմած է 50 տոկոս:

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018