«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ»

44-օրեայ պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարը հետզհետէ կը դառնայ ձեւական՝ մինչ Հարաւային Կովկասի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կը շարունակէ մնալ բաց վէրք մը, որ կը կոտտայ ծանրածանր հետեւանքներով եւ սպառնալով տարածաշրջանի կայունութեան։ Արցախի ճակատէն դարձեալ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին ահազանգային լուրեր կը հասնին։ Վերջին օրերուն արդէն մտահոգիչ լարուածութիւն մը խնդրոյ առարկայ էր, սակայն երէկ առաւօտ իրադրութիւնը շատ աւելի բարդացաւ։ Ատրպէյճան պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ իր բանակը ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկած է։ Կը հաղորդուի, որ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով յառաջ տարուած են այդ գործողութիւնները՝ թիրախաւորելով Արցախի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերը։ Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս յարձակումներուն հետեւանքով երկու հայ զինուոր նահատակուած է։ Հայկական կողմէն 19 զինուոր ալ վիրաւորուած է, ընդ որում 4-ին վիճակը բաւական ծանր է։ Ռուսաստանն ալ, որ խաղաղարար զօրախումբ ունի Արցախի մէջ, հաստատեց, թէ որո՛ւ կողմէ հրադադարը խախտուած է։

Այս ամբողջ արիւնալի իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի ղեկավարութեան՝ տարածաշրջանէն ներս «խաղաղութեան դարաշրջանի» մը ծնունդ տալու ուղղեալ փայփայած յոյսերու մթնոլորտին մէջ։ Իրականութիւնը այն է, որ քաղաքականութեան կամ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ խաղաղութիւնը լոկ մաղթանք մը չէ, այլեւ պէտք է գոյանան համապատասխան պայմանները։ Վերջին օրերու՝ զոհեր ալ խլած այս բախումներու համայնապատկերին վրայ դժուար չէ դիտարկել, որ Երեւան միշտ անճար է, իսկ Պաքու՝ միշտ յարձակողական։ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր թէեւ յամառօրէն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորուած, օրակարգէ դուրս մնացած կը համարէ, սակայն իր զինեալ ուժերուն կողմէ Արցախի հերթական անգամ թիրախաւորուիլը արդէն տարակուսանք կը յառաջացնէ այդ ուղղութեամբ։

Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ առաւօտ ժամը 09.00-էն սկսեալ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կոպտօրէն խախտած են հրադադարը՝ թիրախաւորելով Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերն ու զօրամասերէն մէկուն մշտական տեղակայման վայրը։ Օգտագործուած են տարբեր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներ, ականանետեր, նռնականետեր եւ այլն։ Յարձակումներուն հետեւանքով նահատակուած են պայմանագրային զինուորներ Գուրգէն Գաբրիէլեան եւ Արթուր Խաչատրեան։ Մինչ վիրաւորեալներէն ոմանց վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ կը շարունակէ իրավիճակի կայունացման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկել։

Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մասնակի զօրահաւաք յայտարարուած է, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ստեփանակերտի մէջ կը գլխաւորէ Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովները՝ արժեւորելու համար ռազմաքաղաքական դրութիւնը։ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հաղորդեց, որ կարգ մը փոփոխութիւններ կան իրավիճակի լիցքաթափման ուղղութեամբ՝ կապուած թէ՛ ռազմական իրադրութեան եւ թէ Բերձորի միջանցքին հետ։ 

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները այս առաւօտ ալ հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր շփման գծի վրայ մարտավարական իրադրութիւնը յարաբերաբար կայուն եղած է, սակայն կարգ մը հատուածներու մէջ Ատրպէյճանի կողմէ դարձեալ խախտուած է հրադադարը։

Արցախէն հասած այս տեղեկութիւններուն զուգահեռ՝ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ այս առաւօտ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց ստեղծուած լարուածութեան։ Հայաստանի կառավարութեան անդամները հերթական ժողովէն առաջ յարգանքի լռութիւն պահեցին վերջին դէպքերուն ժամանակ նահատակուած զինուորներուն համար։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նիստի սկիզբին ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ իրավիճակը ծայրայեղ սրուած է»։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան շարունակաբար կը շահարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու ներկայութիւնը։ Պաշտօնապէս արձանագրեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական ծառայող չկայ։ Վարչապետը ներկայացուց Արցախի անվտանգութեան այն կարեւորագոյն կառոյցները, որոնք ամրագրուած են 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւնով։

«Նախ, Լեռնային Ղարաբաղի միաւորի արձանագրում տեղի ունեցած է, ինչ որ մինչեւ հիմա կը փորձէ ժխտել Ատրպէյճան՝ ըսելով, որ Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի։ Ատրպէյճանէն հնչած այս յայտարարութիւնները հրադադարի յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում են։ Երկրորդ՝ արձանագրուած է, որ գոյութիւն ունի շփման գիծ եւ երրորդ՝ Լաչինի միջանցք, որ կ՚ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ։ Ըստ էութեան, այս երեք կառոյցներուն դէմ է Ատրպէյճանի այսօրուան պայքարը։ Մեր ակնկալութիւնն է, որ ինչպէս նախատեսուած է եռակողմանի յայտարարութիւնով, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը Ատրպէյճանին հնարաւորութիւն չտայ խաթարելու եռակողմանի յայտարարութեամբ արձանագրուած այս հիմնարար կառոյցները։ Ատրպէյճան այսօր անընդհատ կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի մասին, թէ ինչո՛ւ անոնք տեղակայուած են շփման գծի երկայնքով։ Եթէ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը երաշխաւորէ շփման գծի անձեռնմխելիութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը կը կարծեմ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութիւն չունենար։ Նման անհրաժեշտութիւն յառաջացած է միայն այն բանէն յետոյ, երբ Ատրպէյճան հրաժարած է ստորագրել խաղաղապահներու լիազօրութիւնը եւ կը շարունակէ խախտել հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան դրութիւնները՝ ներառեալ բոլոր ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը, ինչ որ վերոյիշեալ փաստաթուղթի բուն էութիւնն է», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ խաղաղապահներու թողտուութեամբ Փառուխի, Հին թաղերու եւ Խծաբերդի գրաւումը եւ շփման գծի հատման փորձերը խաղաղապահ առաքելութեան գործողութեան բովանդակութեան վերաբերեալ հարցեր յառաջացուցած են։ «2020 թուականի նոյեմբերէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած շարք մը իրադարձութիւնները, ներառեալ վերջին օրերու իրադարձութիւնները, հայ հանրութեան շրջանակէն ներս կը յառաջացնեն Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ գործողութեան բովանդակութեան եւ էութեան հետ կապուած հարցեր», ըսաւ Փաշինեան։ Ուստի, ան շեշտեց, որ խիստ անհրաժեշտ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ գործողութեան մանրամասնութեան ճշդումը։ «Կ՚ակնկալենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գծի հատման որեւէ փորձ կասեցուի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ», ըսաւ Փաշինեան։ Բաց աստի, ժողովի ընթացքին վարչապետը ըսաւ. «Այսօր իսկ Ատրպէյճան թող գայ, հատէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, թող երթայ Նախիջեւան, մենք կ՚ապահովենք երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։ Ատրպէյճան կ՚ըսէ, թէ Հայաստան պարտաւոր է Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը ապահովելու։ Մենք ամէն օր ալ պատրաստ ենք ապահովել այդ կապը։ Ատրպէյճանն է, որ չօգտուիր մեր ընձեռած հնարաւորութիւններէն։ Այսօր ալ կ՚ըսենք՝ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով եկէք, հատեցէք սահմանը եւ գացէք Նախիջեւան։ Այսօր իսկ պատրաստ ենք ապահովել», աւելցուց վարչապետը։ Այս առաւօտեան ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ հաւանական միջազգային դրութիւններու գործարկման մասին, որպէսզի Ատրպէյճան սեփական պատասխանատուութիւնները յարգէ։

Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի՝ Լաչինի միջանցքը այլ երթուղիով մը փոխարինելու ուղղեալ պահանջը օրինական չէ։ Թէեւ եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած է նոր երթուղիի մը կառուցման ծրագրի մասին, սակայն համաձայնեցուած ծրագիր մը գոյութիւն չունի։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ ստեղծուած ծանր իրավիճակի պայմաններուն մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, հայկական կողմը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի միջոցներ ձեռք առնուին Պաքուի յարձակողական կեցուածքն ու գործողութիւնները կասեցնելու համար։ «Անթոյլատրելի կը համարենք Ատրպէյճանի կողմէ հնչած յայտարարութիւնները, որոնցմով կը փորձուի միակողմանիօրէն փոխել Լաչինի միջանցքին մէջ եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ կէտով սահմանուած իրաւական դրութիւնը։ Կը վերահաստատենք, որ Լաչինի միջանցքով անցնող երթուղին կրնայ փոխուիլ միայն յայտարարութիւնը ստորագրած կողմերու հաստատած ծրագրին համաձայն», շեշտուած է յայտարարութեան մէջ։ Հայկական դիւանագիտութիւնը ընդգծած է նաեւ, որ Երեւան հերթական անգամ կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օրակարգին նկատմամբ։

Իր կարգին, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի վարած էթնիք զտումներու քաղաքականութիւնը միջազգային յանցագործութիւն է եւ ան վաղ թէ ուշ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2022