«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»Ի ԿԱՅՔԷՋԸ՝ ԵՐԿԼԵԶՈՒ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի կայքէջը դարձած է երկլեզու։ Երկար ամիսներու պատրաստութենէ վերջ արդէն թողարկուած է այս երկլեզու կայքէջը։ Այսուհետեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կայքէջի մը միջոցաւ թէ՛ անգլերէնով եւ թէ հայերէնով պիտի ներկայացնէ իր գործունէութիւնը։

Երկլեզու կայքէջի հաստատման առթիւ շեշտուած է, որ բաժանմունքին գործունէութեան կորիզը կը կազմէ արեւմտահայերէնի եւ համապատասխան մշակոյթի կենսունակութիւնը։ Երկլեզու նոր կայքէջով որդեգրուած է այս մօտեցումը ցոլացնել, հայերէնը ներկայացնել՝ որպէս ստեղծագործութեան, հաղորդակցութեան եւ արհեստավարժ գործունէութեան լեզու։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2022