ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ ԲՈՒՌՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Արցախի արիւնալի իրադարձութիւնները լայն արձագանգ ստեղծած են նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Բախումներու սաստկացած մթնոլորտին մէջ երէկ Երեւան այցելեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմի շինիչ մօտեցումը, որ ուղղուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցաւ տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը։ Նախարար Միրզոյեան դատապարտեց եռակողմանի յայտարարութիւններու կամայական մեկնաբանութեան եւ իրավիճակի ապակայունացման Ատրպէյճանի քայլերը։ Ան ընդգծեց, որ միջազգային հանրութեան՝ մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ իրավիճակի հասցէական գնահատուիլը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Այս ամբողջին մէջ նախարարը կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վրայ։

Միջազգային յառաջատար դերակատարները բուռն ձեւով կ՚արձագանգեն Արցախի իրադրութեան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս խոր մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի մէջ ծագած խտացեալ մարտերուն բերումով։ Իր խօսքով՝ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգուած է եւ սերտօրէն կը հետեւի տեղեկութիւններուն, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ խտացեալ մարտերուն՝ պատճառ դառնալով մարդկային կեանքերու կորուստներու եւ վիրաւորներու։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք անյապաղ թուլացնել լարուածութիւնը եւ խուսափիլ ապագայ մագլցումէ։ Լարուածութեան վերջին աճը կ՚ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անոր հետեւանքով յառաջացած բոլոր հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան ներկայացուցիչը։

Պրիւքսելէն ալ երէկ երեկոյեան կոչ մը հնչեց, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները դադրեցուին անյապաղ։ Եւրոմիութիւնը անհրաժեշտ համարեց լարուածութիւնը լիցքաթափել, լիովին յարգել հրադադարը եւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադառնալ՝ բանակցուած լուծումներ փնտռելու նպատակով։ Շեշտուեցաւ, որ ԵՄ կը շարունակէ յանձնառու մնալ՝ օգնելու համար լարուածութեան յաղթահարման եւ շարունակելու իր մասնակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացէն ներս։

Պրիւքսելէն հնչած կոչին առընթեր, Հարաւային Կովկասի գծով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած է, որ Քլաարի հետ զրուցելու ժամանակ Պայրամով ընդգծած է, թէ Հայաստան վերջին օրերուն իբրեւ թէ կը խախտէ եռակողմանի համաձայնութիւնները եւ սադրանքներու կը դիմէ սահմանամերձ հատուածներու մէջ եւ Արցախի տարածքին։

Այս հեռախօսազրոյցէն առաջ, վերջին օրերու լարուած իրավիճակի պայմաններով, Թոյվօ Քլաար կարեւորած էր լարուածութիւնը թուլացնել եւ խուսափիլ տասնամեակներու դիմակայութեան էջը շրջելու պատմական հնարաւորութեան ձախողումէն։

ՆԱԹՕ-ն ալ արձագանգեց Արցախի լարուածութեան։ Դաշինքը մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին շուրջ ու տեղեկացուց, որ լիովին կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն, որոնք պիտի նպաստեն Հարաւային Կովկասի կայունութեան ու բարգաւաճման։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասը դաշինքին տեսակէտէ ռազմավարական նշանակութեամբ տարածաշրջան մըն է։

Արցախէն հասած լուրերը անմիջապէս արձագանգ գտան նաեւ ԵԱՀԿ-ի կողմէ։ Այսպէս, Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի միջոցներ ձեռք առնեն լարուածութիւնը թուլացնելու եւ երկխօսութեան վերսկսման համար։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրին՝ Լեհաստանի կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ խիստ մտահոգիչ են այն հաղորդումները, որոնք Հարաւային Կովկասէ ներս զինեալ դէպքերու եւ զոհերու մասին կը տեղեկացնեն։ «Մենք նախկինին պէս վճռական ենք աջակցելու տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ամրապնդման ուղղեալ բոլոր ջանքերուն», դիտել տրուեցաւ ԵԱՀԿ-ի լեհական նախագահութեան կողմէ։

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնն (ՀԱՊԿ) ալ, որուն կ՚անդամակցի Հայաստան, արձագանգեց Արցախի լարուածութիւններուն։ Այսպէս, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը ուժի կիրառումէ զերծ մնան եւ առկայ տարաձայնութիւնները յաղթահարեն բացառապէս դիւանագիտական միջոցներով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2022