ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԵՒ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ առաջին անգամ օգտագործուեցաւ Սեւ ծովու միջանցքը՝ հացահատիկի փոխադրութեան համար։ Թուրքիոյ աշխոյժ միջնորդական ջանքերով ապահովուած կարեւոր արդիւնք մըն է այս մէկը։ Անգարա-Մոսկուա-Քիեւ-ՄԱԿ առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութեան հիմքով՝ առաջին անգամ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի նաւ մը Ուքրայնայէն ճանապարհ դուրս եկաւ՝ անցնելով Վոսփորէն։ 27 հազար թոն եգիպտացորենով բեռնաւորուած «Ռազոնի» նաւը նեղուցներէն անցնելով ուղղուեցաւ դէպի Լիբանան։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ուքրայնայի եւ ՄԱԿ-ի պատասխանատուներէն բաղկացեալ՝ քսան հոգինոց հակակշռման խումբը նաւ բարձրանալով ամէն ինչ աչքէ անցուց։ Հակակշռուեցան նաւու շտեմարանները, անձնակազմի փաստաթուղթերը։ Որեւէ ժխտական հանգամանք խնդրոյ առարկայ չդարձաւ եւ արտօնուեցաւ, որ նաւը շարունակէ ուղեւորութիւնը՝ մինչ Իսթանպուլի բնակիչները հետաքրքրութեամբ դիտեցին այս նաւուն անցքը։

Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի առաջին տեղափոխութիւնը զուգադիպեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ վաղը Սոչիի մէջ նախատեսուած ժամադրութեան ճիշդ նախօրեակին։ Երկու ղեկավարներու հանդիպման ընդառաջ պաշտօնական աղբիւրները տեղեկութիւններ հրապարակեցին բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, Էրտողան եւ Փութին վաղուան հանդիպման ընթացքին քննարկումներ պիտի ծաւալեն հացահատիկի փոխադրութեան թղթածրարի առանցքային նիւթերուն շուրջ՝ ներառեալ սննդամթերքի անվտանգութիւնն ու ապագայ հաւանական նոր քայլերը։ Էրտողան Փութինի հետ տեսակցութեան ընթացքին հերթական անգամ պիտի ընդգծէ, որ Թուրքիա պատրաստակամ է իրեն վիճակածը կատարել՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ հրադադար մը ապահովելու նպատակով։ Թրքական կողմը համոզուած է, թէ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ խաղաղութեան ենթագետնի ամենակարճ ժամանակի ընթացքին վերահաստատուիլը ստիպողական է։

Բաց աստի, Էրտողան-Փութին բանակցութիւններու ժամանակ ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացուի Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը՝ մասնաւորապէս շահագրգիռ երկիրները կը զգուշացնէ, որ մտադիր է Սուրիոյ հիւսիսին նոր գործողութիւններու ձեռնարկել։ Մինչ այդ հաւանականութիւնը չի բացառուիր, Էրտողան եւ Փութին պիտի շօշափեն Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիներու վերաբերեալ հարցերը։ Նախագահները կանգ պիտի առնեն նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վրայ՝ ներառեալ առեւտուրի ծաւալի բարձրացումը, պաշտպանութեան ոլորտի վերաբերեալ ծրագիրները, ուժանիւթի բնագաւառի զարգացումներն ու Աքքույուի հիւլէակայանի վերջին իրադարձութիւնները։

Սոչիի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ, երէկ, Քամպոչիայի մէջ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, երկու նախարարները շօշափեցին հացահատիկի տեղափոխման հարցերը, նաեւ արժեւորեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4, 2022