ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է անվտանգութեան ապահովման ուղղեալ նոր դաշինքի մը կազմաւորման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը այս նախաձեռնութիւնը կ՚անուանէ Մերձաւորարեւելեան ռազմավարական դաշինք (MESA) կամ անպաշտօն ձեւով՝ «Արաբական ՆԱԹՕ»։

«Defence News»ի հաղորդումներով, Սպիտակ տան առընթեր գործող Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աղբիւրները վերջերս որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին այս կապակցութեամբ։ Եթէ այս նախատեսուած դաշինքը հիմնուի, ապա ան պիտի համախմբէ Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քուէյթը, Քաթարը, Օմանը, Պահրէյնը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսն ու Յորդանանը։ Ծրագրուած դաշինքի նպատակը պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ հակազդելը, Մերձաւոր Արեւելքի կայունութիւնը ապահովել։ Այս բոլորին առընթեր նախաձեռնութեան հիմնական նպատակներէն մին պիտի ըլլայ տարածքաշրջանէ ներս Իրանի զսպումը։

Յառաջիկայ 12-13 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած է Պարսից ծոցի երկիրներու գագաթաժողովը, որու աւարտին կ՚ենթադրուի սոյն դաշինքի նպատակներու վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւններու կատարուիլը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018