ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾԽԵԼՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ հակածխախոտային պայքարը ու կոչ կ՚ընէ խստօրէն կարգաւորել ելեկտրոնային սիկարէթի ոլորտը։ Այսպէս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) (World Health Organization) կ՚աջակցի Հայաստանի մէջ իրականացուող հակածխախոտային քաղաքականութեան, որու շրջանակներէն ներս օրէնքի նոր նախագծի մշակմամբ՝ նոր ու առաւել լուրջ կարգաւորումներ կը նախատեսուին: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութենէն, այս մասին յայտարարած է ԱՀԿ-ի Ծխախոտի վերահսկման ծրագրի համակարգող Քրիստինա Մաուէր-Շթենտեր, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան ուղղուած իր նամակով, որու մէջ մեծապէս կը կարեւորէ Հայաստանի յստակ քայլերը՝ միանալու այն արեւմտեան պետութիւններուն, որոնք սահմանափակած են թէ՛ աւանդական եւ թէ ելեկտրոնային սիկարէթներու (այդ կարգին՝ տաքցնող ծխախոտային արտադրանքներու) հանրային օգտագործումն ու գովազդը իրենց բնակչութեան շրջանակներէն ներս:

Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան՝ «վնասակար են ծխախոտի օգտագործման բոլոր տարբերակները, որոնց կարգին նիքոթին մատակարարող ելեկտրոնային համակարգերը (electronic nicotine delivery systems, ENDS) եւ տաքցուող ծխախոտային արտադրանքը (heated tobacco products, HTPs)»:

Ապացուցողական բժշկութեան վրայ հիմնուած պաշտօնական տուեալները կը փաստեն, որ շարք մը երկիրներու մէջ օրէ օր տագնապալի արագութեամբ կը բազմանայ ելեկտրոնային սիկարէթներու եւ տաքցուող ծխախոտային արտադրանքներու օգտագործումը պատանիներու եւ երիտասարդներու շրջանակէն ներս: Պատճառը տուեալ ապրանքները արտադրող ընկերութիւններու ապակողմնորոշող եւ մոլորեցնող մարքեթինկի ռազմավարութիւնն է, որ ակնյայտ նպատակ ունի քօղարկելու իր արտադրանքի՝ մարդոց առողջութեան հասցուցած վնասի մասին տեղեկատուութիւնը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը զգուշացնէ ելեկտրոնային ծխախոտի վնասակարութեան մասին։

Հայաստանի մէջ ծխախոտի բացասական ազդեցութեան նուազեցման մասին օրէնքի նախագծի մշակման գործընթացը միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու ուշադրութեան ներքոյ է: Այս առումով ԱՀԿ-ն կը տեղեկացնէ, որ, համաձայն Ծխախոտի դէմ պայքարի ԱՀԿ-ի շրջանակային ընկերութեան, տաքցուող ծխախոտային արտադրատեսակները ենթակայ են օրէնսդրական նոյն կարգաւորումներու, որոնք կը գործեն բոլոր այլ տեսակի ծխախոտային արտադրատեսակներու համար:

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը իր հերթին կը հրաւիրէ բոլոր եւ յատկապէս ծխող քաղաքացիներու ուշադրութիւնը այս հիմնախնդրին եւ կոչ կ՚ուղղէ տեղեկացուած ըլլալ հայաստանեան շուկային մէջ յայտնուած այս նոր արտադրանքներու վնասակարութեան մասին:

Միւս կողմէ, Հայաստանի հանրային վայրերուն մէջ ծխելու պարագային հաւանական տուգանք կրնայ սահմանուիլ 50 հազար դրամ (105 տոլար), հանրային վայրերու մէջ ծխախոտի յայտարարութեան տուգանք՝ 800 հազար դրամ (1.60 տոլար) յայտարարեց Հայաստանի Առողջապահութեան փոխ-նախարար Լենա Նանուշեան:

Պետական պաշտօնեան կրնայ ստանալ 200 հազար դրամ (420 տոլար) տուգանք, եթէ իր տարածքին մէջ խախտէ ծխախոտի օրէնքը, մինչ ինք անհրաժեշտ քայլեր չ՚առներ խախտումը կանխարգիլելու համար: Նանուշեան ըսաւ, որ ծխախոտի դէմ օրինագիծը տակաւին կը գտնուի մշակման փուլին մէջ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018