ԱԲԷԼԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեան կարեւոր պաշտօնի մը եւս նշանակուեցաւ կազմակերպութենէն ներս։ Այսպէս, ան դարձաւ ՄԱԿ-ի բազմալեզուութեան հարցերով համակարգողը։ Համապատասխան տնօրինութիւնը կատարուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի կողմէ։ Այսպէսով Մովսէս Աբէլեան պատասխանատու դարձաւ՝ ՄԱԿ-ի քարտուղարութենէն ներս բազմալեզուութեան իրականացման համար։ Հարկ է նշել, որ բազմալեզուութիւնը կը համարուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան առաջնահերթութիւններէն մին՝ որպէս կազմակերպութեան հիմնական արժէքներէն մին։ Մինչ Մովսէս Աբէլեանի նշանակումը՝ բազմալեզուութեան հարցերով համակարգողի պաշտօնը կը վարէր Քաթրին Փոլար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019