ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԻ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանի մահուան արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Աբիկ Հայրապետեանի յուղարկաւորութիւնը վաղը կէսօրուան ժամերուն տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները անհրաժեշտ կարգադրութիւններու ձեռնարկած են՝ պատշաճ ձեւով հրաժեշտ տալու համար երկարամեայ ատենապետին։ Այսպէս, Աբիկ Հայրապետեանի անշունչ մարմինը վաղը  վերջին անգամ մուտք պիտի գործէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին. այն եկեղեցին, որու ծառայութիւն մատուցելու մրցանիշ մը սահմանած էր՝ շուրջ չորս տասնամեակներու պաշտօնավարութեամբ։

Համայնքային շրջանակներն ալ կը շարունակեն ցաւով արձագանգել Աբիկ Հայրապետեանի կորուստին։ Արդարեւ, ան թրքահայութեան արդի տարեգրութեան մէջ եղած էր ուրոյն դէմք մը, վառ անհատականութիւն մը, որ միշտ գտնուած էր կարեւորագոյն իրադարձութիւններու կիզակէտին։ Աբիկ Հայրապետեան վերջին ներկայացուցիչներէն մին էր սերունդի մը, որու անդամները իրենց երիտասարդութեան շրջանին ներշնչուած էին իրենց նախորդած կարեւոր ազգային գործիչներէն եւ անոնց հետ համագործակցելով ձեւով մը եղած էին անոնց գործին շարունակողը։ Անոնց միջեւ կային վարչայիններ, գործարարներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ եւ այլ անմոռանալի դէմքեր։ Աբիկ Հայրապետեանի անոնց հետ ունեցած ծանօթութիւնը, համագործակցութիւնը, անոնց վերաբերեալ կուտակած յիշողութիւնը արդէն տարբեր տարողութիւն մը կը վերագրէր իր հեղինակութեան։ Այս բոլորին բերումով ան արդէն իր կենդանութեան օրով վերածուած էր իսկական վկայի մը։ Իր վկայութիւնները, իր յիշողութիւնը լոյս կը սփռէին իր մերօրեայ գործակիցներուն, համախոհներուն աշխատանքին վրայ։ Հիմա իր քաղցր յիշատակին մէջ այդ բոլորն ալ արդէն վերածուած են՝ իրմէ ժառանգուած թանկ իմաստութեան մը։ Այդ իմաստութիւնը, անշուշտ, կը պարփակէ այս համայնքին նկատմամբ յամառ աշխատանքի եւ զոհողութեան գիտակցութիւն եւ այս համայնքէն ներս զօրակցութեան խրախուսում։

Աբիկ Հայրապետեանի վաղուան յուղարկաւորութեան պիտի հանդիսապետէ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019