ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՑՈՒՑԻՉՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՐՔԸ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒԱԾ

Աշխարհի երկիրներու ելեկտրոնիկ կառավարման զարգացման ցուցիչին վրայ Հայաստան 19 կէտով բարելաւած է իր դիրքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 195 երկիրներու ցանկին վրայ Հայաստան կը զբաղեցնէ 63-րդ հորիզոնականը։ Նախորդ զեկոյցին մէջ իր զբաղեցուցած դիրքը Հայաստան բարելաւած է 19 կէտով։

Փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան Հայաստանի կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին հանդէս եկաւ այս մասին յայտարարութիւնով մը։ Ան ըսաւ.

«Ելեկտրոնային մասնակցութեան ցուցիչով Հայաստան ընդգրկուած է ամենաբարձր վարկանիշով երկիրներու ցանկին վրայ։ Մենք կ՚ուզենք ելեկտրոնային կառավարման միջոցներով ա՛լ աւելի խթանել քաղաքացիներու ներգրաւումը որոշումներու ընդունման գործընթացին մէջ»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020