ԼԵՌՆԱ ԹՈՒՄԱՅԵԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՍԱՆԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լեռնա Թումայեան իրաւունք շահած է մուտք գործել «Պեզմի Ալէմ» հիմնարկի համալսարանի Բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Լեռնա Թումայեան մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ 8-րդ դասարան յաճախած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարան։ Աւելի վերջ ուսումը շարունակած է «Սաքըփ Սապանճը» Անատոլու լիսէին մէջ։ Այս ամբողջ տարիներու յաջողութիւնը ի կատար ածելով ան ներկայիս տիրացած է բժշկութիւն ուսանելու հնարաւորութեան։ Լեռնա Թումայեան դուստրն է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Լեռնա Թումայեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները Անիթա Թումայեանին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020