ՆԱԹՕ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութեան պայմաններու ներքեւ, միջազգային բեմահարթակի վրայ ջանքերը կը շարունակուին՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ համերաշխութեան հաստատման առաջադրութեամբ։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ այս առումով հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ սկսելու համար թեքնիկ քննարկումներու, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ արեւելեան Միջերկրականէ ներս բախումները կանխելու ուղղեալ դրոյթներու ստեղծումը։ Սթոլթենպերկի ստորագրութեամբ Պրիւքսելէն հրապարակուած գրաւոր յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ ընդհանուր քարտուղարը շփումներ ունեցած է Թուրքիոյ եւ Յունաստանի ղեկավարներուն հետ։ Ըստ իրեն, դաշնակից երկու երկիրները համաձայնած են ՆԱԹՕ-է ներս սկսիլ թեքնիկ քննարկումներու՝ արեւելեան Միջերկրականէ ներս ռազմական բախումները կանխելու ուղղեալ դրոյթներ հաստատելու եւ արկածներու ռիսքը նուազեցնելու առաջադրութեամբ։ Ընդհանուր քարտուղարը Թուրքիան եւ Յունաստանը որակեց երկու արժէքաւոր դաշնակից։ Ըստ իրեն, հասարակաց անվտանգութեան վրայ ազդող նիւթերու տեսակէտէ դաշինքը ամենակարեւոր խորհրդակցական հարթակը կը հանդիսանայ։ «ՆԱԹՕ-ի զօրակցութեան ոգիին համապատասխան, լարուածութեան լուծում մը գտնելու նպատակով պիտի շարունակեմ սերտ կապի մէջ մնալ շահագրգիռ բոլոր դաշնակից երկիրներուն հետ», նշուած է Սթոլթենպերկի յայտարարութեան մէջ։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս փուլին Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Յունաստան զօրակցի ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախաձեռնութեան։ Թրքական կողմը շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը հետամուտ չէ Յունաստանի հետ երկկողմանի խնդիրներու լուծման, այլեւ կը վերաբերի երկու երկիրներու ռազմական իշխանութիւններու միջեւ նախապէս երկկողմանի հարթութեան վրայ քննարկուած կարգադրութիւնները։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաժողովի ձեւաչափով զրուցեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն եւ իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Մերքէլ զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն։ Բաց աստի, շօշափուեցան տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը։

Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առթիւ մատնանշեց, որ Միջերկրականի արեւելքին Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի թուրք ժողովուրդի իրաւունքները կը պաշտպանուին։ Անգարա կողմնակից է՝ ափամերձ բոլոր երկիրներու տեսակէտէ նպաստաւոր արդար բաժանումի մը։ Բայց եւ այնպէս, Յունաստանն ու Յունական Կիպրոսը, իրենց զօրակից երկիրներուն հետ, կ՚առնեն այնպիսի քայլեր, որոնք լարուածութիւնը եւ փակուղին կը հրահրեն։ Ըստ նախագահ Էրտողանի, Յունաստանի անարդար ու եսապաշտ դիրքորոշումը կ՚արժանանայ կարգ մը երկիրներու աջակցութեան, ինչ որ անընդունելի է։ Միջազգային իրաւունքի անտեսումով կը կատարուին զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնք Թուրքիոյ իրաւունքներուն եւ շահերուն ներհակ են եւ ամէնուրեք ու միշտ պիտի պաշտպանուին Թուրքիոյ իրաւունքներն ու շահերը։ Միջերկրականի արեւելքին Յունաստանն ու անոր աջակիցները խնդիր յարուցած են առնելով այնպիսի քայլեր, որոնք տարածքաշրջանային խաղաղութեան վնաս կը հասցնեն։ Էրտողան մատնանշեց, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Անկելա Մերքէլի ջանքերը, որոնք հետամուտ են լուծումի մը նպաստելու։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020