ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Իսրայէլի մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի դեսպանատունը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, շուրջ տասն օրէ ի վեր հիւպատոսական ծառայութիւններ կը մատուցուին դեսպանատան մէջ։ Սաղիմահայութիւնն ալ մեծ ուրախութեամբ ընկալած է Հայաստանի կառավարութեան այս որոշումը, ինչ որ պատմական կը համարուի։ Դեսպանատան բացումը նախատեսուած էր այս տարեսկիզբին, սակայն յետաձգուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառաւ յառաջացած դժուարութիւններուն հետեւանքով։ Թէեւ տակաւին պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի չէ ունեցած, սակայն Իսրայէլի մէջ բնակութիւն հաստատած Հայաստանի քաղաքացիները արդէն սկսած են զանազան դիմումներ ներկայացնել հիւպատոսական ծառայութեան։

Միջերկրական ծովու ափամերձ շրջանին՝ Համառատ փողոցի գործարար կեդրոնէն ներս տեղակայուած է Իսրայէլի հայկական դեսպանատունը։ Դեսպան Արմէն Սմբատեան այս շրջանին արդէն թափ տուած է իր շփումներուն։

Հիւպատոսական ծառայութենէն ներս դիմումները առաւել չափով կը վերաբերին անցագրերու վերանորոգման, քաղաքացիութեան, զօրակոչի եւ զանազան բնոյթով փաստաթուղթերու։ Հաղորդակցութեան զանազան միջոցներով կը հասնին դիմումները, որոնք օրական շուրջ 4-5 տասնեակի մակարդակին կը հասնին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020