1642 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր պատկերն ալ կը շարունակէ առթել մտահոգութիւն։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց վիճակագրական հերթական տուեալները։ Այսպէս, երկրէն ներս երէկ կատարուեցաւ 110 հազար 225 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1642 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 49 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1211։ Ներկայ դրութեամբ 1041 վարակեալի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա կրկնեց, որ համաճարակի դէմ պայքարի ուժով գիծը սահմանափակումներու մէջ է։ Այժմու կացութեամբ դէպքերը խտացած են Անգարայի, Իսթանպուլի, Քոնիայի, Կեսարիայի եւ Տիարպաքըրի մէջ։

Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ նախկին վարչապետներէն Պինալի Եըլտըրըմն ալ վարակուած է քորոնաժահրով։ Ան եւ կողակիցը դարմանում կը տեսնեն իրենց բնակարանին մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020