ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՊԱՔՈՒԻ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԻՆ»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն կապակցութեամբ Երեւան կը սպասէ Պաքուի դրական արձագանգին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Հայաստան պատրաստ է սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն։ Մենք այս առումով արդէն բաց յայտարարած ենք։ Այս պահուն որեւէ աշխատանք չ՚ընթանար, կը սպասենք Ատրպէյճանի արձագանգին»։

Միեւնոյն ժամանակ, Արմէն Գրիգորեան յոյս յայտնեց, որ Ատրպէյճան եւս կ՚արձագանգէ դրականօրէն եւ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներու հնարաւորինս արագ սկսման, որպէսզի երկու երկիրներու սահմանին վրայ ստեղծուած տագնապը եւս հնարաւորինս արագ լուծուի։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ վերջին օրերուն, Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին հանդէս եկած էր նմանաբնոյթ յայտարարութիւններով։ Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները այս առաւօտ ալ տեղեկացուցին, թէ Արարատ Միրզոյեան՝ պաշտօնի ձեռնարկելու բերումով շնորհաւորական մը ստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ։ Այս առթիւ Պլինքըն դիտել տուած է, որ Ուաշինկթըն կը խրախուսէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս օր առաջ բովանդակային բանակցութիւններու վերսկսումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ ու տեւական քաղաքական կարգաւորման աջակցելու նպատակով։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ վերջին շրջանին այս տեսակէտները կը բարձրաձայնէ՝ ընդգծելով, որ Երեւան տարածքաշրջանէ ներս հետամուտ է խաղաղութեան օրակարգի։ Յամենայնդէպս, Պաքու երէկ բողոք յայտնեց՝ Արցախի անկախութեան 30-ամեակին առթիւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած յոբելենական շնորհաւորական պատգամին դէմ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնները հիւանդ երեւակայութեան հետեւանք են։ Արդարեւ, Փաշինեան պատգամին մէջ նշած էր, թէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը նուիրական է ու չի կրնար կասեցուիլ ուժի կիրառման միջոցաւ։

Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներն ալ կը քննադատեն իշխանութիւններու խաղաղութեան օրակարգը։ Խորհրդարանի ընդդիմադիր երեսփոխաններէն Տիգրան Աբրահամեան համոզուած է, թէ կեղծ խաղաղասիրական մղումներով եւ խաղաղութեան դարաշրջան խոստանալով՝ իրականութեան մէջ կը փորձուի թէ՛ բանակի եւ թէ հասարակութենէն ներս կոտրել պայքարի ոգին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2021