ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի մտաւորական Ալեքսանդր Թոփչեան։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնն ալ խոր վշտով արձագանգեց այս կորուստին։ 81 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Ալեքսանդր Թոփչեան հեղիկանաւոր գրաքննադատ մըն էր ու բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է որպէս՝ արձակագիր ու թարգմանիչ։ Երկար տարիներէ ի վեր ան հաստատուած էր Ֆրանսա։

Անգնահատելի է Ալեքսանդր Թոփչեանի աւանդը հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի զարգացման, 1960-ականներու գրական սերունդի զարթօնքի գործին մէջ։ Այդ տարիներուն ան նպաստեց մէկ կողմ տանելու Խորհրդային Միութեան երկաթէ վարագոյրը՝ ի յայտ բերելով նոր թեքստերու հեղինակներ եւ նոր մանիֆեստոյի կոչնակներ։ Այդ սերունդը այսօր սիրուած ու ճանչցուած է ո՛չ միայն գրական շրջանակներէ ներս, այլեւ՝ հասարակութեան լայն խաւերուն կողմէ։

Ալեքսանդր Թոփչեանի ներդրումը մեծ է նաեւ շարժանկարի աշխարհէն ներս։ «Հայֆիլմ»է ներս ան որպէս գլխաւոր խմբագիր աշխատած է ժամանակահատուածի մը մէջ, որ կը բնորոշուի բեմագրական մշտական տագնապով։ Ան կարողացած էր աշխատանքը դնել կանոնական հունի մը մէջ։ Դիտելով 1975-1985 թուականներուն նկարահանուած ժապաւէնները՝ անկարելի է չնկատել անոր ձեռագիրը. «Երկունք», «Կեանքի լաւագոյն կէսը», «Մեր մանկութեան թանկոն», «Հին օրերու երգը»։ Յաջողութեան գաղտնիքը՝ գրականութիւնը շարժանկարի հիմքին պահելու ուղղեալ իր անշեղ սկզբունքն էր։

Ակնառու է Ալեքսանդր Թոփչեանի աւանդը նաեւ թարգմանութեան ասպարէզին մէջ։ Իր շուրջ ութ տասնեակ թարգմանութիւններուն շնորհիւ հայ ընթերցողը ճանչցած է բազմաթիւ ֆրանսագիր հեղինակներու գրականութիւնը։ Ան հայ ընթերցողին ներկայացուցած է նաեւ հայազգի օտարագիր եւ սփիւռքահայ գրողները. ինչպէս՝ Վազգէն Շուշանեան, Զահրատ եւ ուրիշներ։ Ալեքսանդր Թոփչեան առանձնայատուկ սէր կը տածէր բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի գրականութեան նկատմամբ։ Այդ սէրը իր կողմէ վառ ձեւով արտայայտուած է անոր երկերու հատորներու հրատարակութեան պատրաստումով եւ լոյս ընծայումով։ Նահատակ գրողի նկատմամբ այս սիրոյ շարունակութիւնը եղած է նաեւ իր «Եւ անգամ մահից յետոյ» վէպը, որ արժանացած է նաեւ մրցանակի։

Յաջող էր նաեւ Ալեքսադնր Թոփչեանի ստեղծագործական գործունէութեան վերջին պտուղներէն մին՝ «Պանք Օթոման» վէպը, որ համաշխարհային ճանապարհորդութիւն մը ունեցած էր։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ այդ վէպը արտասահմանի մէջ հրատարակուած էր քանի մը լեզուներով։ Նոյնպէս նախարարութեան դրամաշնորհով ստեղծուած եւ վերջերս լոյս տեսած են իր «Որոգայթ» վէպը եւ Ժորժ Ռոտենպախի «Մշուշներու ճախարակը» ստեղծագործական ժողովածոն՝ ֆրանսերէնէ թարգմանութեամբ։

Ալեքսանդր Թոփչեան Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ արժանացած էր «Արուեստներու եւ գրականութեան սպայի շքանշան»ի։

Տասնամեակներէ ի վեր կը բնակէր Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ, սակայն երբեք կապը չէր խզած Հայաստանին հետ։ 

Ալեքսանդր Թոփչեան պոլսահայ գրականութեան նկատմամբ ալ միշտ ուշադրութիւն կը տածէր։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի շրջանին մասնակցութիւն բերած էր նաեւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներէն մէկուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2021