ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հիմա, երբ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտած է, տրամաբանական կ՚ըլլայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու վերսկսումը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախընթաց օր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Մոսկուա կ՚աջակցի Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Զախարովայի այդ յայտարարութիւններէն անմիջապէս վերջ Մոսկուայէն այս անգամ հնչեցին Լաւրովի խօսքերը, որոնք նոյնպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ ռուսական կողմի դրական մօտեցումը կը շեշտադրէին։ Ռուս նախարարը այդ յայտարարութիւնները ըրաւ ուսանողներու հետ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։

«Հիմա, երբ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը աւարտած է, կան քաղաքական գործընթացի, փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հիմքերը, տրամաբանական կ՚ըլլայ, եթէ Հայաստանն ու Թուրքիան վերսկսին ջանքերը յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Մենք պատրաստ ենք ամենաաշխոյժ ձեւով աջակցելու», ըսաւ Լաւրով։

Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին նախարարը ընդգծեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ 2020 թուականին գործադրուած ջանքերը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ։ «Խօսելով անցեալ տարուայ մասին՝ մենք չենք կրնար զանց առնել մեր ջանքերը, առաջին հերթին մեր նախագահի ջանքերը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման համար, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւններու հասնելու հարցին մէջ։ Անոնք հիմա յաջողութեամբ կ՚իրականացուին մեր նախարարութեան, Պաշտպանութեան նախարարութեան ներգրաւումով, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ մեր տնտեսական պլոքի, որ կ՚ապահովէ բանակցութիւնները այդ տարածքաշրջանէն ներս բոլոր հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման շուրջ», դիտել տուաւ Սերկէյ Լաւրով։

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ռուսաստան անմիջական աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ տեղակայած ըլլալով նաեւ իր խաղաղարար զօրախումբը։ Բացի Երեւանի եւ Պաքուի հետ սերտ կապի մէջ գտնուելէ, Մոսկուա Անգարայի հետ յարաբերութիւններն ալ նոր հարթութեան մը վրայ դրած է՝ մանաւանդ, որ ռուս եւ թուրք զինուորները միասնական աշխատանք կը տանին հրադադարի մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնէն ներս։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2021