«ՎԵՐՋ ՏԱԼ ՁԳՁԳՄԱՆ»

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած ժողովը գլխաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Այս նիստէն վերջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նախագահական բանբեր Իպրահիմ Քալըն, որ անդրադարձաւ զանազան նիւթերու։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Իպրահիմ Քալըն անդրադարձաւ Մենպիչի կացութեան։ Ան յիշեցուց Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ որդեգրուած ճանապարհային քարտէսը, որ կ՚ենթադրէր իննսուն օրուան ժամանակամիջոց մը։ Քալըն ըսաւ. «Դժբախտաբար, ցաւով կը վկայենք, որ շարք մը ձգձգումներ կը կատարուին։ Մեր ամերիկացի գործընկերներուն կ՚ըսենք, որ այլեւս պէտք է մէկ կողմ թողուին այս ձգձգումները եւ պէտք է կեանքի կոչուի Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսը։ Թուականները շարունակ կը յետաձգուին ու մենք կը փափաքինք, որ այս բանը այլեւս վերջ գտնէ։ Ձգձգումները սկսան դառնալ հարց մը, որ շարունակ կը մեծնայ։ Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսը կեանքի պէտք է կոչուի բոլոր մակարդակներու վրայ»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018