ՆՄՈՅՇՆԵՐ՝ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ

Երեւանի Մատենադարանին մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Մատենադարանի բարերարներէն իրանահայ բանասէր, գրող, ուսուցիչ, յայտնի հասարակական գործիչ Լեւոն Մինասեանի դուստրը՝ Արմինէ Մինասեան հաստատութեան նուիրեց իր հօր անձնական գրադարանէն հնատիպ արժէքաւոր գիրքեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմինէ Մինասեան Մատենադարանին նուիրեց 21 միաւոր գիրք։ 1668-1912 թուականներուն տպագրուած հնատիպ արժէքաւոր գիրքերու առընթեր այդ ամբողջին մաս կը կազմէ հայագիտական գրականութիւնը։

Յանձնման արարողութեան ընթացքին Արմինէ Մինասեան յայտնեց, որ թէ՛ իր եւ թէ իր հօր փափաքն է, թէ թանկարժէք գիրքերը Հայաստանի մէջ ըլլան։ «Եթէ արտասահմանի մէջ ոեւէ մէկը ունի թանկարժէք իր մը կամ գիրք մը, թող բերէ Հայաստան. այս հողի վրայ պէտք է մնայ ու յաւերժանայ», ըսաւ Արմինէ Մինասեան, որ պատմեց, թէ իր հայրը ունէր աւելի քան երեք հազար գիրք եւ շարունակ հազուագիւտ գիրքեր կը փնտռէր։

Իր կարգին, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանն ալ յայտնեց, որ Արմինէ Մինասեան նուիրած է շատ արժէքաւոր գիրքեր։ «Լեւոն Մինասեան ամբողջ հոգիով ու սրտով կապուած էր Հայաստանին եւ մշտապէս կապի մէջ եղած էր Մատենադարանի հետ։ Ան տարիներու ընթացքին 54 արժէքաւոր ձեռագիր նուիրած էր Մատենադարանին ու կը համարուի մեր ամենամեծ նուիրատուներէն մին», ըսաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018