ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎՃՌԱԿԱՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու 2019 թուականին տեղի ունենալը պիտի նշանակէ երկարաձգել ներքին քաղաքական տագնապի ժամկէտը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Մենք տեսանք, թէ խորհրդարանն ու կառավարութիւնը ինչպէս կ՚աշխատին։ Օրէնքի նախագիծ բերին խորհրդարան եւ ամէն ինչ ըրին՝ որպէսզի հրատապ ընդունուի։ Կ՚ըսէինք, որ մի՛ երթաք այդ ճանապարհով։ Այս մասին ես ըսած եմ բանաւոր, այցելած եմ Ազգային ժողով, տեղեակ պահած եմ Ազգային ժողովի նախագահը, բայց նոյն օրն իսկ քուէարկեցին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ երկրէն ներս ստեղծուած է տագնապ մը եւ իրեն համար անհասկնալի են այն մարդիկ, որոնք կ՚ըսեն՝ ինչո՞ւ կը լուծէք այդ ճգնաժամը։ «Մենք պիտի լուծենք այդ մէկը։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները լիարժէք պատրաստ են Ա., Բ. եւ նոյնիսկ Գ. վարկածներուն», ըսաւ Փաշինեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի կառավարութենէն վերջին իրադարձութիւններու բերումով դուրս թողուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախարարները։ Նախընթաց երեկոյեան Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան մտադրութիւն յայտնած էր կառավարութեան կազմի համալրումէն վերջ հրաժարական ներկայացնել՝ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով ապահովելու համար արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կատարուիլը։ Այդ փուլին ան պահանջած էր, որ իր հրաժարականէն վերջ խորհրդարանը չընտրէ նոր վարչապետ մը, չառաջադրէ ուրիշ թեկնածու մը՝ որպէսզի այդպէս հարթ ձեւով կարելի դառնայ ձեռնարկել ընտրութեան։ Իր ակնկալութիւնն էր, որ խորհրդարանի ուժերը համապատասխան յուշագիր մը ստորագրեն։ Փաշինեան յայտնած էր, որ այլ ընթացքի մը պարագային դարձեալ շարժման պիտի անցընէր ժողովուրդը։ Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ այս նիւթին կապակցութեամբ վարչապետը ըսաւ. «Ընտրութիւններու իրականացման մեր վարկածը կը մնայ ուժի մէջ՝ անկախ միւս խմբակցութիւններու վարչապետի թեկնածու մը չառաջադրելու մասին յուշագրի ստորագրումէն»։ Ան աւելցուց, որ ներքին քաղաքական տագնապը պիտի խորանայ՝ որքան ատեն, որ արտահերթ ընտրութիւններ տեղի չունենան։ Իր խօսքով՝ տագնապը յաղթահարելու միակ ճանապարհն է ընտրութիւնը։ Փաշինեան շարունակեց.

«Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ես ըսած եմ՝ կայ երկու տարբերակ։ Այդ ընտրութիւններուն խորհրդարանական խմբակցութիւնները կ՚երթան համագործակցութեան մթնոլորտի մը մէջ կամ ոչ։ Համագործակցութեան մթնոլորտը այն պիտի ըլլայ, որ մենք կը փորձենք բարելաւել Ընտրական օրէնսգիրքը։ Մենք կ՚ըսենք, թէ պատրաստ ենք, ներառեալ՝ միջազգային կազմակերպութիւնները, որպէսզի փոփոխութիւններ առաջադրուին Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ։ Մենք որեւէ խնդիր չունինք Ընտրական օրէնսգիրքի հետ՝ որպէսզի այդ մէկը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն»։

Միւս կողմէ, GALLUP International association-ի կողմէ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքով՝ Հայաստանի քաղաքացիներու 89 տոկոսը դրական կը գնահատէ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութիւնը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018