ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՍԳԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀԱՄԱՐ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր Փարիզի մէջ պիտի յուղարկաւորուի վաղը եւ միւս օր։ «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ վաղը նախատեսուած է փառաշուք սգահանդէս մը, որով հրաժեշտ պիտի տրուի Շարլ Ազնաւուրին, որ 94 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր ցաւ յառաջացնելով ամբողջ աշխարհի մէջ։ Վաղուան սգահանդէսի ընթացքին նախատեսուած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ելոյթը։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ինչպէս նաեւ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական եւ թէ գեղարուեստական շրջանակներէ բազում յայտնի անձնաւորութիւններ։ Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներն ալ պիտի մասնակցին սգահանդէսին։

Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորման օրը սուգ հռչակուած պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018