ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Շաբաթավերջին, Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Պալեան գերդաստանի ոգեկոչման հերթական արարողութիւնը։ Գերեզմանատունէն ներս ՀԱՅՃԱՐ-ի կողմէ արքունի ճարտարապետներու գերդաստանի անդամներու գերեզմանատան յուշակոթողի մը վերածուելէն ի վեր ամէն տարի Պալեանները կ՚ոգեկոչուին։ Այդ յուշակոթողի բացման տարեդարձներուն կազմակերպուած հոգեհանգստեան պաշտօնները արդէն դարձած են աւանդական։ Այս տարուան ոգեկոչումը ունէր բացառութիւն մը, որովհետեւ մասնակցութիւն բերաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։ Ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին հնչեցուց համակեցութեան կոչ։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատնանշեց փոքրամասնութիւններու անհանգստութիւնը ատելութեան խօսքի բերումով։ Այս խնդիրը բաւական ընդհանրացած է, մինչդեռ, ըստ Նորին Ամենապատուութեան, որքան բաղձալի պիտի ըլլար փոքրամասնութիւններու կողմէ երկրին բերուած բազմակողմանի նպաստին շեշտադրումը, աւելի յաճախակիօրէն ընդգծումը, ինչ որ ատելութեան խօսքի տարածման դէմ լաւագոյն քայլերէն մին կրնար ըլլալ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Էքրէմ Իմամօղլուն ալ խոստացաւ գործակիցներուն հետ քննարկել՝ Իսթանպուլի պողոտաներէն կամ փողոցներէն մէկուն արքունի ճարտարապետներու անունը տալու հնարաւորութիւնը։ Սա կրնայ ըլլալ այնպիսի վայր մը, ուր Պալեաններու կողմէ կառուցուած կոթողներէն մին կը գտնուի եւ կամ անոնցմէ քանի մը հատը խտացեալ ձեւով կը գտնուին շրջանէ մը ներս։ Գլխաւոր քաղաքապետը միեւնոյն ժամանակ դիտել տուաւ, որ կարելի է նաեւ մտածել անոնց վերաբերեալ արձանի մը կամ կիսանդրիի մը զետեղման վարկածին շուրջ։

ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, հոկտեմբերի 5-ի մերձաւոր շաբաթ օրը, կը յիշատակուին յայտնի ճարտարապետներու գերդաստան՝ Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այս տարուան յիշատակութիւնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբերի 2-ի շաբաթ օրը, ժամը 11.00-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ գերեզմանատան մէջ, հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին Նորին Ամենապատուութիւնը, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, Պալեաններու յուշադամբանի շինութեան բարերարներէն Հրաչ Գըրմըզեան, Կիւլիզար Արթուչի ատենապետած ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան անդամներն ու հրաւիրեալներ։

Պալեաններու յուշադամբանի մօտ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի հանդիսապետութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակցեցան նաեւ՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան ու դպիրներ։

Կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ յանուն միութեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Կիւլիզար Արթուչ եւ երախտիքով յիշատակեց Իսթանպուլի նախորդ քաղաքապետ լուսահոգի Քատիր Թոփպաշը, որ Պալեաններու յուշադամբանին պատրաստութեան փուլին իր կարեւոր ներդրումը բերած էր։ Այս առիթով ներկայացուց ՀԱՅՃԱՐ-ի ներդրումով հրատարակութեան պատրաստուած «BALYANLAR» հատորը եւ գլխաւորութեամբ հեղինակ Պիւքէ Ուրասին, գրքի պատրաստութեան ներդրում բերած բոլոր անձանց շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ըստ Արթուչի, գիրքը ակադեմական եւ ճարտարապետական շրջանակներէ ներս ընդունելութիւն գտած է։ Իր խօսքի աւարտին, բարեմաղթանք մը կատարեց եւ ըսաւ, որ Պալեան ընտանիքի անդամներուն աշխատութիւններէն միոյն գտնուած յարմար հրապարակ մը՝ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն նախաձեռնութեամբ վերակոչուի Պալեան ընտանիքի անունով։

Յաջորդաբար խօսք առաւ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, որ դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Պալեան գերդաստանի գործունէութեան մասին, որուն որպէս արդիւնքը պատմական Իսթանպուլ քաղաքը հարստացած է բազմաթիւ կոթողային ճարտարաշինութիւններով։ Այս առթիւ ան յայտնեց, թէ ներկայացուած վերանուանումի փափաքը շատ տեղին է եւ այս միոյն չգոյութիւնը պակասութիւն որակեց։ Իմամօղլու խոստացաւ, որ կարելին ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի Պալեան գերդաստանը արժանավայել ձեւով յիշատակուի Իսթանպուլի մէջ։

Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Ան յայտնեց, թէ Պալեան ընտանիքի ստեղծագործութիւնները հայկական զուտ ճարտարապետութենէն աւելի, նախ եւ առաջ կը ներկայացնեն այս երկրի հողերուն հսկայ պատմութենէն բխած մշակութային համադրութիւնը։ Աւա՜ղ, շատեր տեսնելով եւ զմայլելով հանդերձ այս ճարտարաշինութիւններուն, չեն գիտեր, թէ կոթողներուն հեղինակներն են Պալեան գերդաստանի անդամները։

Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ ողջունեց նաեւ Էքրէմ Իմամօղլուի դրական մերձեցումը, հրապարակի մը Պալեան անունով կոչուելու կապակցութեամբ ու ըսաւ. «Դժբախտաբար ականատեսը կը դառնանք, որ որոշ շրջանակներէ ներս «Հայ» բառը ատելութիւն կը խորհրդանշէ։ Սակայն ես կը փափաքիմ եւ կ՚աղօթեմ, որ «Հայ» բառը անցեալի նման ընկալուի այս երկրի պտղատուութեան խորհրդանիշներէն մին։ Որովհետեւ Պալեան ընտանիքի նման բազում հայեր, յօգուտ այս երկրին իրենց ծառայութիւնը բերած են»։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, որ իր բարեմաղթութիւնը իրականանայ եւ թարմ միտքեր իրենց որակաւոր ծառայութեամբ դառնան երկրին շինիչ տարրերը՝ ինչպէս եղած են անցեալին։

Հանդիսութեան աւարտին Պալեաններու յուշադամբանի ճարտարապետ Դաւիթ Այնալըի, Իսթանպուլի Մշակութային հիմնարկի ատենապետ Փերիհան Եիւճէլի, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր յանձնուեցան «BALYANLAR Osmanlı Mimarlığı ve Balyan Arşivi» գիրքին երկրորդ եւ առաւել եւս ընդլայնուած հրատարակութենէն օրինակներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2021