ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԿԱՄՔ

Ներկայ շաբթուայ սկիզբին քրիստոնեայ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է՝ յառաջիկայ օրերուն Հռոմի մէջ նախատեսուած միջազգային հաւաքի մը վրայ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ վաղը Հռոմ կը մեկնի՝ մասնակցելու համար այս միջազգային հաւաքին, որ կը կրէ «Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագիրը։ Նոյն առթիւ Հռոմ կը մեկնի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Մարդոց եւ կրօնի վերաբերեալ արդի խնդիրներու լոյսին տակ կազմակերպուած է այս միջազգային հաւաքը, որ համաքրիստոնէական, որոշ չափով ալ միջկրօնական գագաթաժողովի մը բնոյթը կը կրէ։ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ գործող Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքը հանդէս եկած է այս նախաձեռնութիւնով։ Հարկ է նշել, որ աշխարհականներէ բաղկացեալ համաշխարհային կազմակերպութիւն մըն է այս մէկը, որ ամէն տարի կը կազմակերպէ խաղաղութեան աղօթք մը։ Ցայսօր աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած են այդ խաղաղութեան աղօթքները, իսկ այս տարուանին ժամադրավայրը կը հանդիսանայ Հռոմը, ուր աւանդական այս խաղաղութեան աղօթքը նախատեսուած է պատմական «Քոլոսէում»էն ներս։ Խաղաղութեան աղօթքին զուգահեռ կազմակերպուած է նաեւ վերոյիշեալ միջազգային հաւաքը՝ երկօրեայ ծրագրով մը։

Վեհափառ Հայրապետը վաղը օրուայ երկրորդ կէսին կը հասնի Հռոմ։ Իրեն կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, որոնց տեղւոյն վրայ կը միանայ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Բնականաբար, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ Վեհափառ Հայրապետին հետ մասնակցութիւն կը բերէ ամբողջ ծրագրին։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ վաղը յետմիջօրէին կ՚ուղեւորուի դէպի Հռոմ։

Միջազգային հաւաքին մասնակցութիւն բերելու առընթեր, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ կ՚իրականացնէ քոյր եկեղեցիներու գլուխներուն հետ, որոնք նոյն շարժառիթով կը գտնուին Հռոմի մէջ։ Այսպէս, Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը տեսակցի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի, Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ։

Հետաքրքրական զուգադիպութիւնով մը Վեհափառ Հայրապետի դէպի Հռոմ ուղեւորութեան մէկ մասը կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի այս օրերուն Իտալիա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան հետ։ Ուստի, վաղը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետի ժամանումէն վերջ, եւրոպահայ խումբ մը գործիչներու կողմէ նախատեսուած է մեծարանքի երեկոյթ մը։ Հռոմի պանդոկներէն մէկուն մէջ անոնք կազմակերպած են ընթրիք մը՝ ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալին։

Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքին կողմէ կազմակերպուած մեծ հաւաքին բուն ծրագիրը պիտի սկսի վաղը կէսօրուան ժամերուն նախատեսուած պաշտօնական ճաշով։ Յետմիջօրէի ժամերուն միջազգային հաւաքի բացման լիագումար նիստը նախատեսուած է Հռոմի «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնէն ներս։ Առաջին օրուայ ծրագիրը աւարտին կը հասնի երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած ընդունելութիւնով։

Միջազգային հաւաքի երկրորդ օրը նախ տեղի կ՚ունենայ ծրագրուած աշխատանքը՝ չորս առանձին ֆորումի ձեւաչափին մէջ։ Այդ ֆորումները ծրագրուած են հետեւեալ անուանումներով՝ ըստ իրենց քննարկումներու բնոյթին. «Համատեղ տան համար խնամք», «Հորիզոնի ընդլայնում. միւսներու նորովի գիւտը», «Խաղաղութիւնը կարելի՞ է» եւ «Ցանկալի ապագան»։

Վեհափառ Հայրապետը միջազգային հաւաքի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ «Հորիզոնի ընդլայնում. միւսներու նորովի գիւտը» խորագրեալ ֆորումին ժամանակ։ Բացի Նորին Սրբութեան զեկուցումէն, այս ֆորումի ատենախօսներու շարքին պիտի գտնուին Գերմանիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետը՝ լուտերական եպիսկոպոս Հենրիխ Պետքորտ Շթրոմ, Հռոմի եկեղեցւոյ արխիւի պատասխանատու եւ գրադարանավար Կարտինալ Խոսէ Թոլենթինօ Մենտոնքա, Եւրոպայի Հնդկական ֆորումի նախագահ Լաքշմի Վիաս, ամերիկահայ գիտնական, «Moderna» պիօփորձագիտական ամերիկեան ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան եւ ֆրանսացի արեւելագէտ եւ քաղաքագէտ փրոֆ. Օլիվիէ Ռոյ, որ Ֆլորանսայի Եւրոպական համալսարանի դասախօսներէն է։

Միւս ֆորումներու քննարկումներուն ընթացքին ալ ելոյթ կ՚ունենան աշխարհի զանազան կրօնական առաջնորդներ, հեղինակաւոր մշակոյթի գործիչներ եւ քաղաքական աշխարհէ յայտնի դէմքեր։

Յիշեալ չորս առանցքներուն շուրջ ծաւալուելիք քննարկումներէն վերջ, միջազգային հաւաքի ծրագրի եզրափակիչ փուլը տեղի կ՚ունենայ Հռոմի հոյակերտ պատմական յուշարձաններէն «Քոլոսէում»է ներս նախատեսուած խաղաղութեան համատեղ աղօթքով։ Նոյն երեկոյեան «Լաթերանենսէ» պալատէն ներս նախատեսուած է փակման ընթրիք։

Այս բազմակողմանի երկօրեայ նախագծին մասնակցութիւն բերելէ վերջ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկայ ուրբաթ (հոկտեմբերի 8-ին) հրաժեշտ պիտի առնէ Հռոմէն։ Օրուայ սկիզբին նախատեսուած է Նորին Սրբութեան հանդիպումը՝ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի հետ։ Այս տեսակցութիւնը նախատեսուած է Վատիկանի՝ բարձրաստիճան հիւրերու յատուկ «Տոմուս Սանթա Մարթա» հիւրանոցին մէջ, ուր իր կեցութեան օրերուն Վեհափառ Հայրապետը կ՚իջեւանի, միւս եկեղեցիներու պետերուն հետ։ Այսպէսով ան կ՚աւարտէ ծրագիրը եւ կ՚առաջնորդուի օդակայան։ Միջազգային հաւաքին զուգահեռ նախատեսուած երկկողմանի հանդիպումները մեծապէս կը կարեւորուին նաեւ Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդին կողմէ, որու գլուխը կը գտնուի Կարտինալ Քուրտ Քոխ։

 1969 թուականին, Վատիկանի Բ. ժողովէն վերջ հիմնուած է Սուրբ Էճիտիօ համայնքը՝ որպէս Կաթոլիկ եկեղեցւոյ աշխարհականներու կազմակերպութիւն։ Հիմնադիրն է փրոֆ. Անտրէա Ռիքարտի, որ երկար ժամանակ եղած է Սուրբ Էճիտիոյի նախագահը։ Քանի մը տարիէ ի վեր ան թէեւ այդ պաշտօնը փոխանցած է, սակայն, կը շարունակէ ընդհանուր գործունէութեան մէջ աշխոյժ դերակատարութիւն ծաւալել։ Սուրբ Աթոռը 1989 թուականին Սուրբ Էճիտիօ համայնքը վաւերացուցած է՝ որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն։ Այս շարժումի գործունէութեան հիմնական առանցքը կը կազմէ ընկերային ծառայութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ են աղքատներու, հիւանդներու, գաղթականներու եւ կարօտեալներու նկատմամբ զօրակցութիւնը։ Սուրբ Էճիտիօ համայնքի գործունէութեան միւս առանցքը կը բիւրեղանայ խաղաղութեան շուրջ։ Կաթողիկէ այս համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը ձգտի միշտ միասնական աղօթքով եւ աշխատանքով հասնիլ խաղաղութեան նպատակին։ Իբր այդ է, որ անոր կողմէ ամէն տարի կազմակերպուած խաղաղութեան աղօթքները ունին մեծ նշանակութիւն։ Սա արդէն կայացած քրիստոնէական աւանդութիւն մըն է՝ ամուր նախընթացներով։ Տարիներէ ի վեր աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական առաջնորդներու ներգրաւումով կը կազմակերպուին այդ խաղաղութեան աղօթքները։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ վաղուց կը մասնակցի այդ աղօթքներուն։

Սուրբ Էճիտիօ միջազգային համայնքը մասնաճիւղ հաստատած է աշխարհի 73 երկրի մէջ եւ ունի շուրջ 50 հազար անդամ։ Այս մասնաճիւղերէն 23-ը կը գործէ Եւրոպայի մէջ, 29-ը՝ Ափրիկէի մէջ, 7-ը՝ Ասիոյ մէջ, 8-ը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եւ 5-ը՝ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։

Այս տարուայ խաղաղութեան աղօթքն ու զուգահեռ միջազգային հաւաքը կազմակերպելու ժամանակ Սուրբ Էճիտիօ համաշխարհային համայնքը նկատի առած է առկայ բարդ ու մոլորեցուցիչ ժամանակաշրջանը, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած հանգամանքներով հանդերձ։ Կազմակերպութիւնը դիտարկած է, որ աշխարհի դիմագրաւած այժմու փորձութիւններու լոյսին տակ զգալի է նման երկխօսութեան հաւաքներու անհրաժեշտութիւնը։ Ինքնուրոյն խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ տարբեր՝ լիարժէք համակեցութեան մը կառուցման վրայ դրուած է շեշտը։ Այս պատճառով Հռոմի հաւաքին կը վերագրուի մեծ արժէք։ Սուրբ Էճիտիօ համայնքը համոզուած է, թէ այս հաւաքի մասնակիցներն ու անոնց հեղինակաւոր կարծիքներու համադրութիւնը կը հարստացնեն՝ որդեգրուած նպատակներուն եւ զգայնութիւններուն ուղղեալ յանձնառութիւնները։ Նախատեսուած է ձեւաւորել այնպիսի հարթակ մը, որ համաքրիստոնէական կամքի արտայայտման տեսակէտէ հասարակաց յայտարար մը կրնայ դառնալ։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը վերջին անգամ Վատիկան այցելած էր շուրջ տարի մը առաջ։ Իր կեցութեան սկիզբին վրայ հասած էր Արցախի երկրորդ պատերազմը։ Տագնապալի պայմաններով Սրբազան Պապին հետ տեսակցելէ վերջ, ան ուղեւորութիւնը ընդհատելով վերադարձած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2021