ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Նոր Տելհի, ուր մասնակցեցաւ «Համաշխարհային պարէն. Հնդկաստան-2017» համաժողովի լիագումար նիստին եւ նոյն խորագրով կազմակերպուած միջազգային սննդարդիւնաբերութեան ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս համաժողովին ներկայ գտնուեցան աշխարհի աւելի քան քսան երկիրներէն մօտաւորապէս երկու հազար մասնակիցներ։ Համաժողովի ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ժամանակ ըսաւ. «Գիւղատնտեսական մթերքներու վերամշակումն ու պարէնային ապրանքներու արտածումը կարեւոր նշանակութիւն ունին նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար։ Հայ արտադրողները աւանդական փորձառութեան եւ ժամանակակից փորձագիտութիւններու համատեղման շնորհիւ միրգերու եւ բանջարեղէններու վերամշակման գործին մէջ կուտակած են դրական մեծ փորձառութիւն, որու հիման վրայ արտաքին շուկաներէ ներս հայկական սննդարդիւնաբերական արտադրանքի հանդէպ պահանջարկը անշեղօրէն կ՚աճի։ Մեր գործարարները առաջին քայլերուն կը ձեռնարկեն այդ բոլորը նաեւ հնդկական շուկայի  մէջ ներկայացնելու ուղղութեամբ»։

Սարգսեան ընդգծեց, որ հեռանկարային կը համարուին սնունդի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի գործարարներու հայկական որոշ ապրանքատեսակներու արտադրութեան փորձառութեան փոխանցման շուրջ մշակած կապերը։

Նոր Տելհիի մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հնդկաստանի բարձրագոյն ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։  Այդ տեսակցութիւններուն կարեւորագոյնը տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Մոտի շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգսեանին՝ այցելութեան հրաւէրը ընդունած ըլլալու եւ համաժողովին մասնակցելու բերումով։ Ան յոյս յայտնեց, որ Սարգսեանի այցելութիւնը նոր խթան մը պիտի հաղորդէ հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն եւ զանոնք պիտի բարձրացնէ նոր մակարդակի մը։ Իր խօսքերով՝ Եւրոասիոյ տարածքէն ներս Հայաստան կը հանդիսանայ Հնդկաստանի վստահելի եւ կարեւոր գործընկերը։ Հայ վաճառականները առաջիններէն էին, որ մեկնեցան Հնդկաստան եւ խթանեցին առեւտրային կապերը Հնդկաստանի եւ այլ զանազան երկիրներու միջեւ։

Իր կարգին, Սերժ Սարգսեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած հրաւէրին համար եւ արտայայտեց իր ուրախութիւնը՝ Հնդկաստանի նման հրաշալի երկրի մը մէջ գտնուելու կապակցութեամբ։ Ան իր տպաւորութիւնները ներկայացուց Պարէնի համաշխարհային համաժողովին եւ յարակից ցուցահանդէսին մասին։ Սարգսեան հիացմունք յայտնեց աշխարհի ամենաարագ զարգացող տնտեսութիւններէն մին համարուող Հնդկաստանի արձանագրած յաջողութիւններով՝ յատկապէս սննդարդիւնաբերութեան բնագաւառէ ներս ապահովուած յառաջընթացով։ Սարգսեանի խօսքերով՝ Հայաստան շահագրգռուած է Հնդկաստանի հետ խորացնել յարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական։ Նշելով, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները ամուր հիմք են երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման համար՝ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ իր այցելութիւնը նոր շունչ մը պիտի հաղորդէ հայ-հնդկական դարաւոր բարեկամութեան։

Զրուցակիցները յատկապէս կանգ առին այն հանգամանքին վրայ, որ այս տարի երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակն է։ Սարգսեան եւ Մոտի համակարծիք գտնուեցան, թէ այս յոբելեանը լաւագոյն առիթն է ի մի բերելու համատեղ ձեռքբերումները եւ նախանշելու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայման ուղղութիւնները։ Այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունին բոլոր նախադրեալները։ Զրուցակիցներու համոզմամբ, հակառակ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին, երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի զարգացման մեծ ներուժ։ Այդ ներուժի լիարժէք օգտագործման եւ այս ուղղութեամբ շօշափելի յառաջընթացի արձանագրման համար անհրաժեշտ է իրականացնել զգալի աշխատանք։

Համագործակցութեան ընդլայնման առումով Սարգսեան եւ Մոտի կարեւորեցին Հայաստան-Հնդկաստան միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը։ Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին յանձնաժողովի նիստերը համալրել նոր, առաւել թիրախաւոր-ւած օրակարգով։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստան պատրաստ է նպաստաւոր պայմաններ ապահովել հնդկական ընկերութիւններու գործունէութեան համար։ Սերժ Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ հնդկական կողմի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Իրանի հետ Հայաստանի սահմանին ձեւաւորուող Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին վրայ։ Այս վերջինը եւս կրնայ դառնալ համագործակցութեան արդիւնաւէտ հարթակ մը։ Սարգսեան աւելցուց, որ Հայաստան կ՚անդամակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ շնորհիւ համագործակցութեան բարեկամ Հնդկաստան եւս անարգել ձեւով կրնայ մուտք գործել այս հսկայական շուկան։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադարձ հետաքրքրական առարկայ շարք մը նիւթերու եւ հեռանկարային կարգ մը բնագաւառներու։ Այս ամբողջին մաս կազմեցին ոսկեգործութիւնը, անդամանդագործութիւնը, դեղագործութիւնը, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւնները, գիւղատնտեսութիւնը, սնունդի վերամշակման արդիւնաբերութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, կրթութիւնը, գիտութիւնն ու մշակոյթը, եւ այս բոլոր բնագաւառներէն ներս փորձառութեան փոխանակման եւ աշխոյժ համագործակցութիւն իրականացնելու հնարաւորութիւնները։

Սարգսեան եւ Մոտի գոհունակութեամբ մատնանշեցին, որ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունի աշխոյժ համագործակցութիւն նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափով. բան մը՝ որու լաւագոյն դրսեւորումն է միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս փոխադարձ աջակցութիւնը։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն, այդ ամբողջին մէջ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին։

Զրոյցի աւարտին Սերժ Սարգսեան ստորագրեց պատուոյ հիւրերու մատեանը, ուր շեշտեց, թէ Հայաստան եւ Հնդկաստան կը բաժնեն ժողովրդավարութեան ու համամարդկային բարձր արժէքները։

Միւս կողմէ, Սարգսեան Նոր Տելհիի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հնդկաստանի Նախագահ Ռամ Նաթ Քովինտի հետ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017